Psalm 24
Job « Psalm 23 ‹ Psalm 24 › Psalm 25 » Proverbs
ՄԵԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Դաւիթի սաղմոսը։
1Տէրոջն է երկիրը եւ 1անոր լիութիւնը՝՝, Երկրագունդն ու անոր բնակիչները.
2Որովհետեւ ի՛նք զայն ծովերուն վրայ հիմնեց, Եւ գետերուն վրայ հաստատեց։
3Ո՞վ պիտի բարձրանայ Տէրոջ լեռը, Կամ ո՞վ պիտի կանգնի անոր սուրբ տեղը.—
4Ձեռքերով անմեղն ու սիրտով վճիտը, Որ 2ունայնութեան անձնատուր չ’ըլլար՝՝, Եւ խաբէութեամբ երդում չ’ըներ.
5Ան Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ, Ու իր փրկութեան Աստուծմէն՝ արդարութիւն։
6Ա՛յս է սերունդը զայն փնտռողներուն, Քու երեսդ խնդրողներուն, 3Ո՛վ Յակոբ՝՝։ (Սելա։)
7Ո՛վ դռներ, բարձրացուցէ՛ք ձեր գլուխը. Բարձրացէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէսզի Փառքի թագաւորը մտնէ։
8Ո՞վ է այս Փառքի թագաւորը.— 4Կարող եւ զօրաւոր Տէրը, Պատերազմի մէջ զօրաւոր Տէրը։
9Ո՛վ դռներ, բարձրացուցէ՛ք ձեր գլուխը. Բարձրացէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէսզի Փառքի թագաւորը մտնէ։
10Ո՞վ է այս Փառքի թագաւորը.— Զօրքերուն Տէրը, Ի՛նքն է Փառքի թագաւորը։ (Սելա։)