Loading...

Psalm 25

Job  «  Psalm 24  ‹  Psalm 25  ›  Psalm 26  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի բարձրացուցի.

2

Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի վստահեցայ. թող չամչնամ, Ու թշնամիներս ինձմով չհրճուին։

3

Քեզի յուսացողներէն ո՛չ մէկը թող ամչնայ. 1Առանց պատճառի՝՝ անհաւատարիմ եղողները թող ամչնան։

4

Ո՛վ Տէր, 2ցուցո՛ւր ինծի քու ճամբաներդ, Սորվեցո՛ւր ինծի քու ուղիներդ։

5

3Առաջնորդէ՛ զիս քու ճշմարտութեանդ մէջ, ու սորվեցո՛ւր ինծի. Արդարեւ դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը, Քեզի՛ կը սպասեմ ամէն օր։

6

Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու գթութիւններդ եւ կարեկցութիւններդ, Որովհետեւ յաւիտենական են։

7

Մի՛ յիշեր մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս, Հապա զի՛ս յիշէ քու կարեկցութեամբդ՝ Քու բարութեանդ պատճառով, ո՛վ Տէր։

8

Տէրը բարի եւ ուղիղ է. Հետեւաբար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։

9

Իրաւունքի մէջ ընթանալ պիտի տայ հեզերուն. Իր ճամբան պիտի սորվեցնէ հեզերուն։

10

Տէրոջ բոլոր ուղիները կարեկցութիւն եւ ճշմարտութիւն են՝ Իր ուխտն ու վկայութիւնները պահողներուն։

11

Ո՛վ Տէր, քու անունիդ համար Ներէ՛ իմ անօրէնութիւնս, 4որովհետեւ մեծ է։

12

Ո՞վ է այն մարդը՝ որ Տէրոջմէն կը վախնայ. Ահա՛ անո՛ր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։

13

Անոր անձը բարօրութեան մէջ պիտի բնակի, Եւ անոր զարմը երկրին պիտի տիրանայ։

14

Տէրոջ մտերմութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է. Իր ուխտը անոնց կը 5սորվեցնէ։

15

Աչքերս շարունակ Տէրոջ կը նային, Որովհետեւ ի՛նք ոտքերս ցանցէն պիտի հանէ։

16

Ինծի՛ դարձիր ու ողորմէ՛ ինծի, Քանի որ մինակ եւ դժբախտ եմ։

17

Սիրտիս տագնապները շատցան. Դո՛ւրս հանէ զիս տուայտանքներէս։

18

Նայէ՛ տառապանքիս ու տաժանքիս, Եւ ներէ՛ բոլոր մեղքերս։

19

Տե՛ս իմ թշնամիներս, որովհետեւ շատցան, Ու բուռն ատելութեամբ զիս ատեցին։

20

Պահպանէ՛ իմ անձս եւ ազատէ՛ զիս. Թող չամչնամ, քանի քեզի ապաւինեցայ։

21

Պարկեշտութիւնը եւ ուղղամտութիւնը թող պաշտպանեն զիս, Որովհետեւ քեզի յուսացի։

22

Ո՛վ Աստուած, փրկէ՛ Իսրայէլը Իր բոլոր տագնապներէն։



1 Եբր.՝Պարապ տեղը
2 Եբր.՝ գիտցո՛ւր
3 Եբր.՝ Քալեցո՛ւր
4 Կամ՝ թէեւ
5 Եբր.՝ գիտցնէ