Loading...

Psalm 26

Job  «  Psalm 25  ‹  Psalm 26  ›  Psalm 27  »  Proverbs


ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Տէր, դա՛տս պաշտպանէ, Որովհետեւ պարկեշտութեամբս ընթացայ. Տէրոջ վստահեցայ, պիտի չտատանիմ։

2

Ո՛վ Տէր, փորձէ՛ զիս, քննէ՛ զիս, Զտէ՛ 1երիկամունքս եւ սիրտս.

3

Քանի որ քու կարեկցութիւնդ աչքերուս առջեւ է, Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ ընթացայ։

4

Ունայն 2մարդոց հետ չնստայ, Եւ 3կեղծաւորներուն 4հետ պիտի չերթամ՝՝.

5

Չարագործներուն համախմբումը ատեցի, Եւ ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։

6

Ձեռքերս անմեղութեամբ պիտի լուամ, Ու քու զոհասեղանիդ շուրջ պիտի երթամ, ո՛վ Տէր,

7

Որպէսզի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։

8

Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ 5բնակութիւնը, Քու փառքիդ բնակած տեղը։

9

Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ, Եւ իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,

10

Որոնց ձեռքերուն մէջ լրբութիւն կայ, Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։

11

Բայց ես պարկեշտութեամբս պիտի ընթանամ. Փրկէ՛ զիս եւ ողորմէ՛ ինծի։

12

Իմ ոտքս 6ուղղամտութեան մէջ կը կենայ. Համախմբումներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնաբանեմ։



1 Այսինքն՝ խիղճս
2 Եբր.՝ այր մարդոց
3 Եբր.՝ թաքնուողներուն
4 Կամ՝ քով պիտի չմտնեմ
5 Եբր.՝ բնակավայրը
6 Կամ՝ լեռնադաշտին