Psalm 27
Job « Psalm 26 ‹ Psalm 27 › Psalm 28 » Proverbs
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Դաւիթի սաղմոսը։
1Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ. Տէրը իմ կեանքիս 1զօրութիւնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։
2Երբ չարագործներ իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցան, Իմ հակառակորդներս ու թշնամիներս գայթեցան եւ ինկան։
3Եթէ ինծի դէմ բանակ մը 2հաւաքուի, Սիրտս պիտի չվախնայ. Եթէ ինծի դէմ պատերազմ 3մղուի, 4Դա՛րձեալ վստահութիւն պիտի ունենամ։
4Մէ՛կ բան կը խնդրեմ Տէրոջմէն Ու սա՛ կը 5փափաքիմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջ տան մէջ բնակիմ՝ Տէրոջ 6գեղեցկութիւնը տեսնելու, Եւ անոր տաճարին մէջ իրեն 7հարցնելու համար։
5Արդարեւ ձախորդութեան ժամանակ՝ Իր 8բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոյթով զիս պիտի ծածկէ, Վէմի վրայ պիտի բարձրացնէ զիս։
6Եւ հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ՝ Իմ շուրջս եղող թշնամիներէս վեր։ Անոր վրանին մէջ ուրախութեան գոչիւնով զոհեր պիտի մատուցանեմ, Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ Տէրոջ։
7Ո՛վ Տէր, լսէ՛ ձայնս՝ երբ գոչեմ, Ողորմէ՛ եւ պատասխանէ՛ ինծի։
8Երբ ըսիր. «Երե՛սս փնտռեցէք», Իմ սիրտս քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։
9Երեսդ ինձմէ մի՛ ծածկեր, Բարկութեամբ ծառադ մի՛ 9հեռացներ. Ինծի օգնական եղար, զիս երեսէ մի՛ ձգեր. Զիս մի՛ լքեր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։
10Թէեւ հայրս ու մայրս զիս լքեն, Տէրը զիս պիտի 10ընդունի։
11Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու ճամբադ Եւ առաջնորդէ՛ զիս լեռնադաշտի ուղիին մէջ՝ 11ոսոխներուս պատճառով։
12Զիս մի՛ մատներ հակառակորդներուս 12կամքին, Որովհետեւ ինծի դէմ 13սուտ վկաներ Եւ բռնութիւն փչողներ կանգնեցան։
13Վստահ եմ թէ Տէրոջ բարութիւնը պիտի տեսնեմ Ապրողներու երկրին մէջ։
14Տէրո՛ջ սպասէ. Ուժովցի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. Դա՛րձեալ Տէրոջ սպասէ։