Psalm 28
Job « Psalm 27 ‹ Psalm 28 › Psalm 29 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, քեզի՛ կը գոչեմ. Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր ինծի հանդէպ, Որպէսզի 1լռութեանդ պատճառով՝՝ 2Գերեզմանը իջնողներուն չնմանիմ։
2Լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը՝ Երբ քեզի կ’աղաղակեմ, Երբ ձեռքերս կը բարձրացնեմ Դէպի սուրբ 3դաբիրդ։
3Զիս մի՛ 4կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ, Նաեւ անօրէնութիւն գործողներուն հետ, Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեան մասին կը խօսին, Բայց իրենց սիրտին մէջ չարութիւն կայ։
4Հատուցանէ՛ անոնց՝ իրենց արարքներուն համեմատ, Եւ իրենց ըրած չարիքներուն համեմատ. Հատուցանէ՛ անոնց՝ իրենց ձեռքերու գործերուն համեմատ. 5Վարձատրէ՛ զանոնք՝՝։
5Քանի անոնք Տէրոջ ըրածները Ու անոր ձեռքերուն գործերը չեն նկատեր, Ան պիտի քանդէ զանոնք, եւ ա՛լ պիտի չկառուցանէ։
6Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, Որ լսեց իմ աղաչանքիս ձայնը։
7Տէրը զօրութիւնս եւ վահանս է. Իմ սիրտս անոր վստահեցաւ, ու ես օգնութիւն ստացայ։ Ուստի սիրտս հրճուեցաւ, Եւ իմ երգովս զինք պիտի ներբողեմ։
8Տէրը անոնց զօրութիւնն է, Իր օծեալին ազատութեան ամրոցն է։
9Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ, Եւ օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ. Նաեւ հովուէ՛ զանոնք, ու յաւիտեա՛ն բարձրացուր։