Loading...

Psalm 29

Job  «  Psalm 28  ‹  Psalm 29  ›  Psalm 30  »  Proverbs


ՏԷՐՈՋ ՁԱՅՆԸ ՓՈԹՈՐԻԿԻՆ ՄԷՋ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Տէրո՛ջ տուէք, ո՛վ 1հզօրներու որդիներ, Տէրո՛ջ տուէք փառք ու զօրութիւն։

2

Տէրո՛ջ տուէք իր անունին փառքը, Տէրո՛ջ երկրպագեցէք 2սուրբ զարդարանքով՝՝։

3

Տէրոջ ձայնը ջուրերուն վրայ է. Փառքի Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը յորդառատ ջուրերու վրայ է.

4

Տէրոջ ձայնը ուժեղ է, Տէրոջ ձայնը փառաւոր է։

5

Տէրոջ ձայնը մայրիները կը կոտրէ, Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի մայրիները.

6

Զանոնք կը ցատկռտեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը եւ Սարիոնը՝ 3գոմէշի ձագի պէս։

7

Տէրոջ ձայնը կրակի բոցեր կը 4ժայթքեցնէ։

8

Տէրոջ ձայնը կը սարսափեցնէ անապատը. Տէրը Կադէսի անապատը կը սարսափեցնէ։

9

Տէրոջ ձայնը եղնիկներուն 5ծնանիլ կու տայ, Եւ անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ բոլորն ալ անոր փառքը կը պատմեն։

10

Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը գահակալէ. Տէրը յաւիտեան կը գահակալէ իբր թագաւոր։

11

Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութեամբ պիտի օրհնէ։



1 Կամ՝ Աստուծոյ
2 Կամ՝ սրբութեան վայելչութեամբ
3 Կամ՝ միեղջերուի
4 Եբր.՝ տաշէ
5 Եբր.՝ երկնել