Psalm 30
Job « Psalm 29 ‹ Psalm 30 › Psalm 31 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Դաւիթի սաղմոսը. տան նաւակատիքին երգը։
1Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, որովհետեւ զիս ազատեցիր, Ու թշնամիներս ինձմով չուրախացուցիր։
2Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, քեզի աղաղակեցի, Եւ զիս բուժեցիր։
3Ո՛վ Տէր, իմ անձս 1դժոխքէն բարձրացուցիր, Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ողջ պահեցիր։
4Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջ, ո՛վ անոր բարեպաշտները, Ու շնորհակա՛լ եղէք՝ անոր սրբութիւնը յիշելով։
5Արդարեւ իր բարկութիւնը մէկ վայրկեան կը տեւէ, Իսկ իր բարեհաճութեան մէջ ենք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին. Իրիկունը 2լաց կայ՝՝, Բայց առտուն՝ ցնծութիւն։
6Իմ անդորրութեանս մէջ ըսի. «Երբե՛ք պիտի չսասանիմ»։
7Ո՛վ Տէր, քու բարեհաճութեամբդ իմ լեռս կայունացուցիր եւ զօրացուցիր։ Բայց երեսդ ծածկեցիր, ու ես շփոթեցայ։
8Ո՛վ Տէր, քեզի՛ կը գոչեմ, Տէրո՛ջ կ’աղաչեմ։
9Իմ արիւնէս ի՞նչ շահ կ’ըլլայ՝ Եթէ ես 3գերեզմանը իջնեմ։ Միթէ հողը քեզ պիտի ներբողէ՞, Կամ քու ճշմարտութիւնդ պիտի հռչակէ՞։
10Լսէ՛, ո՛վ Տէր, ու ողորմէ՛ ինծի. Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր։
11Իմ կոծս պարի փոխեցիր. Քուրձս ինձմէ հանեցիր Եւ զիս ուրախութեամբ գօտեւորեցիր,
12Որպէսզի 4փառքս սաղմոս երգէ քեզի եւ ա՛լ չլռէ։ Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, քեզ յաւիտեան պիտի ներբողեմ։