Psalm 31
Job « Psalm 30 ‹ Psalm 31 › Psalm 32 » Proverbs
ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, քեզի ապաւինեցայ, Երբե՛ք պիտի չամչնամ. Ազատէ՛ զիս քու արդարութեամբդ։
2Դարձո՛ւր ականջդ ինծի, Շուտո՛վ ազատէ զիս։ Ամրո՛ց եւ վէ՛մ եղիր ինծի, Բերդ ու տուն՝ զիս ապրեցնելու համար,
3Որովհետեւ դո՛ւն ես իմ ժայռս եւ բերդս. Առաջնորդէ՛ ու կառավարէ՛ զիս՝ քու անունիդ համար։
4Հանէ՛ զիս ցանցէն՝ որ ինծի համար թաղած են, Քանի դո՛ւն ես իմ 1զօրութիւնս։
5Քու ձեռքդ կը յանձնեմ իմ հոգիս. Դո՛ւն փրկեցիր զիս, ո՛վ Եհովա, ճշմարտութեա՛ն Աստուած։
6Սնոտի 2ունայնութիւններ դիտողները ատեցի, Իսկ ես Տէրոջ վստահեցայ։
7Քու կարեկցութեամբդ պիտի խայտամ եւ ուրախանամ, Որովհետեւ իմ տառապանքս տեսար, Եւ անձիս տագնապները գիտցար։
8Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր, Հապա ոտքերս ընդարձակ տեղ մը կայնեցուցիր։
9Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, որովհետեւ տագնապի մէջ եմ. Աչքս, անձս ու փորս վիշտէն ծիւրեցան։
10Արդարեւ կեանքս տրտմութենէն սպառեցաւ, Եւ տարիներս՝ հառաչանքէն. Ոյժս անօրէնութենէս 3պակսեցաւ, Ոսկորներս ալ ծիւրեցան։
11Բոլոր հակառակորդներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ, Ու ճանչուորներուս երկիւղ եղայ. Զիս դուրսը տեսնողները ինձմէ կը փախչէին։
12Մեռեալի պէս սիրտէ մոռցուեցայ, 4Փճացած անօթի նմանեցայ։
13Արդարեւ շատերու չարախօսութիւնը լսեցի. Ամէն կողմ երկիւղ կար։ Երբ անոնք միասին խորհրդակցեցան ինծի դէմ, Կը խորհէին 5հոգիս առնել։
14Բայց ես քեզի՛ վստահեցայ, ո՛վ Տէր։ Ես ըսի. «Դո՛ւն ես իմ Աստուածս».
15Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են. Ազատէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։
16Երե՛սդ 6պայծառացուր քու ծառայիդ վրայ, Փրկէ՛ զիս քու կարեկցութեամբդ։
17Ո՛վ Տէր, թող չամչնամ, Որովհետեւ քեզի՛ գոչեցի. Ամբարիշտնե՛րը թող ամչնան, Թող լուռ կենան 7դժոխքին մէջ։
18Թող պապանձին ստախօս շրթունքները, Որոնք յոխորտանքով եւ արհամարհանքով Անպատկառութիւն կը խօսին արդարին դէմ։
19Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ Որ քեզմէ վախցողներուն վերապահեցիր, Ու քեզի ապաւինողներուն համար իրագործեցիր՝ Մարդոց որդիներուն առջեւ։
20Զանոնք քու երեսիդ ծածկոյթով պիտի ծածկես Մարդոց սադրանքներէն. Տաղաւարի մէջ պիտի ծածկես զանոնք Լեզուներու վէճերէն։
21Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, Որովհետեւ իր սքանչելի կարեկցութիւնը ցոյց տուաւ ինծի 8Ամրացած քաղաքի մէջ։
22Իրարանցումիս մէջ ըսի. «Ես քու աչքերուդ առջեւէն 9վտարուեցայ»։ Սակայն դուն աղաչանքիս ձայնը լսեցիր՝ Երբ քեզի աղաղակեցի։
23Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր բարեպաշտները. Արդարեւ Տէրը հաւատարիմները կը պաշտպանէ, Իսկ յոխորտանքով վարուողներուն գերազանցօրէն կը հատուցանէ։
24Ուժովցէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք, Դուք բոլորդ՝ որ Տէրոջ կը յուսաք։