Psalm 32
Job « Psalm 31 ‹ Psalm 32 › Psalm 33 » Proverbs
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԵՐՈՒՄ Դաւիթի երգը։
1Երանի՜ անոր՝ որուն յանցանքը ներուեցաւ, Եւ անոր մեղքը ծածկուեցաւ։
2Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն 1անօրէնութիւն չի սեպեր՝՝ Տէրը, Եւ անոր հոգիին մէջ խաբէութիւն չկայ։
3Երբ 2լուռ կեցայ, ոսկորներս մաշեցան Ամբողջ օրը 3աղաղակելէս,
4Որովհետեւ ցերեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. Իմ 4թարմութիւնս ամառուան չորութեան վերածուեցաւ։ (Սելա։)
5Ուստի մեղքս քեզի գիտցուցի, Եւ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ես ըսի. «Տէրո՛ջ պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Դուն ալ ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սելա։)
6Ասոր համար ամէն բարեպաշտ պիտի աղօթէ քեզի՝ Քեզ գտնելու ժամանակը։ Իսկապէս շատ ջուրերու յորդած ատենը՝ Անոնք պիտի չմօտենան անոր։
7Դո՛ւն ես իմ 5պատսպարանս. Պիտի պաշտպանես զիս տագնապէն, Պիտի շրջապատես զիս ազատութեան երգերով։ (Սելա։)
86Քեզի պիտի սորվեցնեմ՝՝, ու քեզի պիտի ցուցնեմ երթալիք ճամբադ. Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։
9Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք խելք չունին. Իրենց բերանը սանձով ու պախուրցով կապուելու է, որպէսզի քեզի չմօտենան։
10Ամբարիշտին կոտտանքը շատ պիտի ըլլայ, Սակայն կարեկցութիւնը պիտի շրջապատէ Տէրոջ վստահողը։
11Ո՛վ արդարներ, ուրախացէ՛ք Տէրոջմով, ու խայտացէ՛ք, Ցնծացէ՛ք դուք բոլորդ՝ որ սիրտով ուղիղ էք։