Loading...

Psalm 33

Job  «  Psalm 32  ‹  Psalm 33  ›  Psalm 34  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ

1

Ցնծացէ՛ք Տէրոջմով, ո՛վ արդարներ. Գովաբանութի՛ւն կը պատշաճի ուղիղներուն։

2

Ներբողեցէ՛ք Տէրը քնարով. Սաղմո՛ս երգեցէք անոր՝ տասը լար ունեցող տաւիղով։

3

Նո՛ր երգ մը երգեցէք անոր, Ճարտարութեա՛մբ նուագեցէք՝ ցնծութեան գոչիւնով.

4

Որովհետեւ Տէրոջ խօսքը ուղիղ է, Եւ անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։

5

Ան կը սիրէ արդարութիւնն ու իրաւունքը. Երկիրը լեցուն է Տէրոջ կարեկցութեամբ։

6

Տէրո՛ջ խօսքով 1ստեղծուեցաւ երկինքը, Եւ իր բերանին շունչով՝ անոր ամբողջ զօրքը։

7

Ծովուն ջուրերը 2կարկառի մը պէս՝՝ կը դիզէ, Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։

8

Ամբողջ երկիրը թող վախնայ Տէրոջմէն, Երկրագունդին բոլոր բնակիչները թող դողան իրմէ.

9

Որովհետեւ ի՛նք ըսաւ, ու եղաւ. Ի՛նք պատուիրեց, ու 3գոյացաւ։

10

Տէրը կը ձախողեցնէ հեթանոսներուն խորհուրդները, Կը փճացնէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները.

11

Տէրոջ 4ծրագիրը յաւիտեան կը մնայ, Եւ անոր սիրտին մտածումները՝ 5սերունդէ սերունդ՝՝։

12

Երանի՜ այն ազգին՝ որուն Աստուածը Տէ՛րն է, Այն ժողովուրդին՝ որ իրեն համար ընտրեց իբր ժառանգութիւն։

13

Տէրը երկինքէն կը նայի, Բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ.

14

Իր բնակութեան տեղէն Երկրի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։

15

Անոնց սիրտերը հաւասարապէս ի՛նք ձեւակերպեց. Անոնց բոլոր արարքները կը նկատէ։

16

Թագաւոր մը զօրագունդերու շատութեամբ չի փրկուիր, Ո՛չ ալ զօրաւոր մարդ մը մեծ ոյժով կ’ազատի։

17

Ձին փրկութեան համար ընդունայն է. Իր մեծ ոյժով չի կրնար ազատել։

18

Ահա՛ Տէրոջ աչքը իրմէ վախցողներուն Եւ իր կարեկցութեան յուսացողներուն վրայ է,

19

Անոնց անձը՝ մահէն ազատելու, Ու սովի ժամանակ զանոնք ողջ պահելու համար։

20

Մեր անձը Տէրոջ կը սպասէ. Ա՛ն է մեր օգնութիւնն ու վահանը։

21

Արդարեւ մեր սիրտերը անով կ’ուրախանան, Որովհետեւ անոր սուրբ անունին վստահեցանք։

22

Ո՛վ Տէր, քու կարեկցութիւնդ մեր վրայ ըլլայ, Ինչպէս մենք քեզի կը յուսանք։



1 Եբր.՝ շինուեցաւ
2 Կամ՝ որպէս թէ տիկի մը մէջ
3 Եբր.՝ կայնեցաւ
4 Կամ՝ խորհուրդը
5 Եբր.՝ բոլոր սերունդներուն մէջ