Psalm 35
Job « Psalm 34 ‹ Psalm 35 › Psalm 36 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, 1կռուէ՛ ինծի դէմ կռուողներուն հետ՝՝. Պայքարէ՛ ինծի դէմ պայքարողներուն հետ։
2Բռնէ՛ վահանն ու ասպարը, Եւ կանգնէ՛ ինծի օգնելու։
3Նաեւ քաշէ՛ նիզակը, ու գոցէ՛ ճամբան՝ զիս հետապնդողներուն դէմ. Ըսէ՛ անձիս. «Ե՛ս եմ քու փրկութիւնդ»։
4Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան եւ խայտառակուին. Ինծի դէմ չարիք հնարողները Թող ընկրկին ու շիկնին.
5Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան, Եւ Տէրոջ հրեշտակը թող վանէ զանոնք.
6Անոնց ճամբան խաւար ու սահուն թող ըլլայ, Եւ Տէրոջ հրեշտակը թող հետապնդէ զանոնք։
7Արդարեւ առանց 2պատճառի իրենց ցանցը փոսի մէջ թաղեցին ինծի համար, Առանց պատճառի փոս փորեցին անձիս համար.
83Անոնց վրայ յանկարծ աւերում թող գայ, Եւ իրենց թաղած ցանցը զիրենք բռնէ, Նոյն աւերումին մէջ իյնան։
9Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի խայտայ, Անոր փրկութեամբ պիտի բերկրի։
10Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն. «Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է. Դուն կ’ազատես դժբախտը իրմէ աւելի ուժեղէն, Դժբախտն ու աղքատը՝ զիրենք թալլողէն»։
114Սուտ վկաներ կանգնեցան. Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։
12Բարիքի փոխարէն չարիք հատուցանեցին ինծի՝ Անձս 5կողոպտելով։
13Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի. Անձս ծոմապահութեամբ կը խոնարհեցնէի, Եւ աղօթքս իմ ծոցս 6կը վերադառնար՝՝։
14Ինչպէս իմ բարեկամիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը 7վարուէի, Իր մօր համար սուգ պահողի մը պէս՝ մռայլ ու նկուն էի։
15Բայց երբ կաղացի՝ ուրախացան եւ հաւաքուեցան. Զարնողները ինծի դէմ հաւաքուեցան, բայց ես 8չէի գիտեր՝՝. Պատռեցին զիս՝ առանց դադրելու.
16Հացկատակ, կեղծաւոր ծաղրածուներու հետ՝ Իրենց ակռաները ինծի դէմ կը կրճտէին։
17Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս. 9Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն, Իմ 10կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։
18Այն ատեն մեծ համախմբումին մէջ քեզմէ շնորհակալ պիտի ըլլամ, Շատ ժողովուրդի մէջ քեզ պիտի գովաբանեմ։
19Ընդունայն ինծի թշնամի եղողները ինձմով թող չուրախանան, Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։
20Արդարեւ խաղաղութեան մասին չեն խօսիր, Հապա երկրին մէջ եղող հանդարտներուն դէմ խաբէութիւն կը հնարեն։
21Իրենց բերանը ինծի դէմ 11լայն կը բանան՝՝ ու կ’ըսեն. «Վա՜շ, վա՜շ, մեր աչքերը տեսան»։
22Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար. Ո՛վ Տէր, ինձմէ մի՛ հեռանար։
23Սթափէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս եւ Տէրս, Արթնցի՛ր՝ իրաւունքիս ու դատիս համար։
24Դա՛տս պաշտպանէ՝ քու արդարութեանդ համեմատ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, Որպէսզի վրաս չուրախանան.
25Իրենց սիրտին մէջ թող չըսեն. «Վա՜շ, մեր 12փափաքը եղաւ»։ Թող չըսեն. «Կլլեցի՛նք զինք»։
26Իմ ձախորդութեամբս ուրախացողները՝ Թող միասին ամչնան եւ շիկնին. Ինծի դէմ 13հպարտացողները՝ Թող ամօթ ու խայտառակութիւն հագնին։
27Ինծի համար արդարութիւն փափաքողները՝ Թող ցնծան եւ ուրախանան, Ու շարունակ ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ, Որ իր ծառային խաղաղութիւն կը բաղձայ»։
28Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի 14հռչակէ՝ Ամէն օր քեզ գովաբանելով։