Psalm 70
Job « Psalm 69 ‹ Psalm 70 › Psalm 71 » Proverbs
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը. յիշատակի համար։
1Ո՛վ Աստուած, շուտո՛վ ազատէ զիս. Ո՛վ Տէր, արտորա՛ ինծի օգնելու։
2Թող ամչնան ու շիկնին՝ Իմ անձս փնտռողները. Թող ընկրկին եւ խպնին Անոնք՝ որ ինծի չարիք կը բաղձան։
3Թող 1ամչնալով նահանջեն Անոնք՝ որ ինծի կ’ըսեն. «Վա՜շ, վա՜շ»։
4Բոլոր քեզ փնտռողները Քեզմով թող բերկրին եւ ուրախանան. Ու քու փրկութիւնդ սիրողները Շարունակ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ»։
5Բայց ես դժբախտ եւ աղքատ եմ. Ո՛վ Աստուած, արտորա՛ ինծի օգնելու։ Դո՛ւն ես իմ օգնականս ու փրկիչս. Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։