Psalm 75
Job « Psalm 74 ‹ Psalm 75 › Psalm 76 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Ալ-Թաշհէթ. Ասափի սաղմոսը. երգ։
1Քե՛զ կը ներբողենք, ո՛վ Աստուած. Կը ներբողենք քու անունդ՝ քանի որ մօտ է. Քու սքանչելիքներդ կը պատմուին։
2Երբ սահմանուած ատենը 1գայ, Ուղղամտութեամբ պիտի դատեմ։
3Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները հալեցան. Անոր սիւները ե՛ս կը հաստատեմ։ (Սելա։)
4Պարծենկոտներուն ըսի. «Մի՛ պարծենաք», Եւ ամբարիշտներուն. «Եղջիւր մի՛ բարձրացնէք։
5Ձեր եղջիւրները այդքան վեր մի՛ բարձրացնէք. Անպատկառ պարանոցով մի՛ խօսիք»։
6Արդարեւ բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է, Ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,
7Հապա Աստուա՛ծ է դատաւորը. Մէկը կը ցածցնէ, ու միւսը կը բարձրացնէ։
8Արդարեւ Տէրոջ ձեռքը բաժակ կայ, ու գինին կարմիր է. Ան խառնուրդով լեցուն է, եւ անկէ կը լեցնէ. Երկրի բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։
9Իսկ ես ասիկա յաւիտեան պիտի հռչակեմ, Յակոբի Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։
10Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի կոտրեմ, Բայց արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։