Psalm 120
Job « Psalm 119 ‹ Psalm 120 › Psalm 121 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Աստիճաններուն երգը։
1Իմ տագնապիս մէջ Տէրոջ գոչեցի, Ան ալ պատասխանեց ինծի։
2Ո՛վ Տէր, ազատէ՛ իմ անձս ստախօս շրթունքէն Ու խաբեբայ լեզուէն։
31Ո՛վ խաբեբայ լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի, Կամ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի՝՝.—
4Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը, Ու գիհիին կայծերը։
5Վա՜յ ինծի՝ որ Մոսոքի մէջ պանդխտացայ, Եւ Կեդարի վրաններուն քով բնակեցայ։
6Երկար ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։
7Ես խաղաղութիւնը կը սիրէի. Բայց երբ կը խօսէի այդ մասին, անոնք պատերազմի կողմնակից էին։