Psalm 121
Job « Psalm 120 ‹ Psalm 121 › Psalm 122 » Proverbs
ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ Աստիճաններուն երգը։
1Աչքերս դէպի լեռները կը վերցնեմ. Ուրկէ՞ պիտի գայ իմ օգնութիւնս։
2Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէ՛ն է, Որ երկինքն ու երկիրը 1ստեղծեց։
3Ան պիտի չթոյլատրէ որ քու ոտքդ սահի. Քու Պահապանդ պիտի չմրափէ։
4Ահա՛ Իսրայէլի Պահապանը Ո՛չ կը մրափէ, ո՛չ կը քնանայ։
5Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու հովանիդ է՝ աջ ձեռքիդ քով։
6Ցերեկը արեւը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։
7Տէրը քեզ ամէն չարիքէ պիտի պահպանէ. Քու անձդ պիտի պահպանէ։
8Տէրը քու 2ելքդ ու մուտքդ՝՝ պիտի պահպանէ՝ Հիմա եւ յաւիտեան։