Loading...

Psalm 122

Job  «  Psalm 121  ‹  Psalm 122  ›  Psalm 123  »  Proverbs


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՓԱՌՔԸ Դաւիթի աստիճաններուն երգը։

1

Ուրախացայ երբ ինծի ըսին. «Երթա՛նք Տէրոջ տունը»։

2

Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ պիտի կայնին, Ո՛վ Երուսաղէմ։

3

Երուսաղէմ կառուցանուած է քաղաքի մը պէս, Որուն մասերը իրարու կցուած են։

4

Հոն կը բարձրանան տոհմերը, Տէրո՛ջ տոհմերը , Իսրայէլի 1պատուիրածին համաձայն, Տէրոջ անունը ներբողելու համար.

5

Որովհետեւ հոն դրուած են դատաստանի գահերը, Դաւիթի տան գահերը։

6

Խաղաղութի՛ւն խնդրեցէք Երուսաղէմի համար. Անդորրութիւն թող ունենան քեզ սիրողները։

7

Խաղաղութիւն թող ըլլայ պատուարներուդ մէջ, Նաեւ անդորրութիւն՝ պալատներուդ մէջ։

8

Իմ եղբայրներուս եւ ընկերներուս համար՝ Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութի՛ւն ըլլայ քու մէջդ»։

9

Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն տան պատճառով Քու բարօրութիւնդ պիտի 2ուզեմ։



1 Եբր.՝ վկայութեան
2 Եբր.՝ փնտռեմ