Psalm 123
Job « Psalm 122 ‹ Psalm 123 › Psalm 124 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Աստիճաններուն երգը։
1Աչքերս քեզի՛ կը վերցնեմ, Ո՛վ երկինքի մէջ Բնակող։
2Ահա՛ ինչպէս ստրուկներուն աչքերը իրենց տէրերուն ձեռքին կը նային, Եւ ինչպէս ստրկուհիին աչքերը՝ իր տիրուհիին ձեռքին, Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն պիտի նային, Մինչեւ որ մեզի ողորմի։
3Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի, Որովհետեւ յոյժ 1յագեցանք արհամարհանքէն.
4Մեր անձը յոյժ յագեցած է անխռով ապրողներուն ծաղրանքէն, Եւ կեղեքողներուն արհամարհանքէն։