Loading...

Psalm 124

Job  «  Psalm 123  ‹  Psalm 124  ›  Psalm 125  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆԸ Դաւիթի աստիճաններուն երգը։

1

Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, — Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ —,

2

Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար Երբ մարդիկ մեզի դէմ կանգնեցան,

3

Այն ատեն ողջ-ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։

4

Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Վտակը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.

5

Այն ատեն 1փրփրած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։

6

Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն չմատնեց իբր որս։

7

Մեր անձերը ճնճղուկի պէս խոյս տուին թռչնորսներուն վարմէն. Վարմը 2պատռեցաւ եւ մենք խոյս տուինք։

8

Մեր օգնութիւնը Տէրոջ անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը 3ստեղծեց։



1 Եբր.՝ հպարտ
2 Եբր.՝ կոտրեցաւ
3 Եբր.՝ ըրաւ