Loading...

Psalm 133

Job  «  Psalm 132  ‹  Psalm 133  ›  Psalm 134  »  Proverbs


ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ Դաւիթի աստիճաններուն երգը։

1

Ահա՛ ո՜րչափ վայելուչ եւ ո՜րչափ հաճելի է՝ Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։

2

Այն 1հոտաւէտ իւղին պէս է՝ Որ գլուխին վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնի մօրուքին վրայ 2հոսեցաւ, Ու մինչեւ անոր վերարկուին ծայրը իջաւ։

3

Սիոնի լեռներուն վրայ իջնող Հերմոնի ցօղին պէս է, Որովհետեւ Տէրը հոն 3ապահովեց օրհնութիւնը Եւ կեանքը՝ յաւիտենապէս։



1 Եբր.՝ լաւորակ
2 Եբր.՝ իջաւ
3 Եբր.՝ պատուիրեց