Psalm 135
Job « Psalm 134 ‹ Psalm 135 › Psalm 136 » Proverbs
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ
1Ալէլուիա՜։ Գովաբանեցէ՛ք 1Տէրոջ անունը, Գովաբանեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջ ծառաները,
2Որ Տէրոջ տունը կը կենաք՝ Մեր Աստուծոյն տան գաւիթներուն մէջ։
3Գովաբանեցէ՛ք 2Տէրը, որովհետեւ Տէրը բարի է. Սաղմո՛ս ըսէք անոր անունին, որովհետեւ հաճելի է.
4Քանի որ Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը, Ու Իսրայէլը՝ որպէս իր սեփական ժողովուրդը։
5Արդարեւ ես գիտեմ թէ Եհովան մեծ է, Եւ թէ մեր Տէրը կը գերազանցէ բոլոր աստուածները։
6Տէրը իր ամբողջ փափաքածը իրագործեց Երկինքի ու երկրի մէջ, Ծովերուն եւ բոլոր անդունդներուն մէջ։
7Երկրի ծայրերէն ամպեր կը բարձրացնէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը 3պատրաստէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
8Ի՛նք զարկաւ Եգիպտոսի անդրանիկները՝ Մարդէն մինչեւ անասուն։
9Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս, Փարաւոնի եւ անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։
10Բազմաթիւ ազգեր զարկաւ, Ու հզօր թագաւորներ մեռցուց.—
11Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորը, Բասանի Ովգ թագաւորը, Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները,
12Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ, Ժառանգութիւն իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի։
13Ո՛վ Տէր, քու անունդ յաւիտեան պիտի մնայ. Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ սերունդէ սերունդ պիտի տեւէ։
14Արդարեւ Տէրը իր ժողովուրդին դատը պիտի պաշտպանէ, Եւ իր ծառաներուն վրայ պիտի արգահատի։
15Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են.
16Բերան ունին, բայց չեն խօսիր, Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ,
17Ականջներ ունին, բայց չեն 4լսեր, Եւ շունչ չկայ անոնց բերանին մէջ։
18Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները, Ու բոլոր անոնց վստահողները։
19Ո՛վ Իսրայէլի տունը, օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը. Ո՛վ Ահարոնի տունը, օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը.
20Ո՛վ Ղեւիի տունը, օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը. Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը։
21Սիոնէն օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։