Loading...

Psalm 136

Job  «  Psalm 135  ‹  Psalm 136  ›  Psalm 137  »  Proverbs


ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

1

Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է. Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

2

Շնորհակա՛լ եղէք աստուածներուն Աստուծմէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

3

Շնորհակա՛լ եղէք տէրերուն Տէրոջմէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

4

Մինակը մեծ սքանչելիքներ ընողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

5

Երկինքը հանճարով 1ստեղծողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

6

Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

7

Մեծ 2լուսաւորներ ստեղծողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է.—

8

Արեւը՝ որպէսզի ցերեկին տիրէ, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է.

9

Լուսինը եւ աստղերը՝ որպէսզի գիշերին տիրեն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

10

3Եգիպտացիներուն անդրանիկները՝՝ զարնողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

11

Եւ Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

12

Ուժեղ ձեռքով ու երկարած բազուկով, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

13

Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

14

Եւ Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

15

Փարաւոնը եւ անոր զօրագունդերը Կարմիր ծովուն մէջ թօթուողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

16

Իր ժողովուրդին անապատին մէջ քալել տուողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

17

Մեծահամբաւ թագաւորներ զարնողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

18

Ու երեւելի թագաւորներ մեռցնողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է.—

19

Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորը, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

20

Ու Բասանի Ովգ թագաւորը, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

21

Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

22

Ժառանգութիւն իր ծառային՝ Իսրայէլի, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

23

Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է,

24

Ու մեր թշնամիներէն մեզ ազատողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է.

25

Ամէն մարմինի հաց տուողէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է.

26

Շնորհակա՛լ եղէք երկինքի Աստուծմէն, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։



1 Եբր.՝ ընողէն
2 Եբր.՝ լոյսեր
3 Եբր.՝ Եգիպտոսը իր անդրանիկներուն մէջ