Loading...

Psalm 137

Job  «  Psalm 136  ‹  Psalm 137  ›  Psalm 138  »  Proverbs


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՂԲԸ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

1

Հո՛ն, Բաբելոնի գետերուն 1եզերքը, Կը նստէինք ու կու լայինք՝ Սիոնը յիշելով։

2

Անոր 2մօտ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները,

3

Որովհետեւ մեր գերեվարները Հոն մեզմէ երգ մը ուզեցին, Ու մեր 3կողոպտիչները՝ ուրախութիւն, ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիոնի երգերէն»։

4

Տէրոջ երգը ի՞նչպէս երգենք Օտար հողի վրայ։

5

Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը թող մոռնայ.

6

Իմ լեզուս քիմքիս թող փակչի՝ Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի բարձր 4չհամարեմ։

7

Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները, Որոնք՝ Երուսաղէմի օրուան մէջ՝ Կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմերը»։

8

Ո՛վ Բաբելոնի 5բնաջնջող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի պիտի հատուցանէ 6Մեզի ըրածիդ՝՝ փոխարէնը։

9

Երանի՜ անոր՝ որ քու երախաներդ պիտի բռնէ Ու ժայռի վրայ ջախջախէ։



1 Եբր.՝ քով
2 Եբր.՝ մէջտեղը
3 Կամ՝ գերեվարները
4 Եբր.՝ չբարձրացնեմ
5 Եբր.՝ բնաջնջուելիք
6 Եբր.՝ Մեզ վարձատրածիդ