Psalm 138
Job « Psalm 137 ‹ Psalm 138 › Psalm 139 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։
1Քեզմէ շնորհակալ պիտի ըլլամ իմ ամբողջ սիրտովս, 1Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2Պիտի երկրպագեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ, Եւ քու անունդ պիտի ներբողեմ՝ Քու կարեկցութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար, Որովհետեւ քու ամբողջ անունէդ 2գերազանց ըրիր՝՝ քու 3խօսքդ։
3Այն օրը երբ գոչեցի՝ պատասխանեցիր ինծի, Իմ անձիս մէջ զօրութեամբ զիս ուժովցուցիր։
4Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզ պիտի ներբողեն՝ Երբ բերանիդ խօսքերը լսեն.
5Տէրոջ ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն՝ Որովհետեւ Տէրոջ փառքը մեծ է։
6Թէպէտ Տէրը բարձր է, սակայն նուաստը կը տեսնէ Ու խրոխտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7Թէեւ տագնապի մէջէն ընթանամ, Դուն զիս պիտի վերապրեցնես. Իմ թշնամիներուս բարկութեան դէմ՝ Քու ձեռքդ պիտի երկարես, Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ.
8Տէ՛րը պիտի կատարէ ինծի համար։ Ո՛վ Տէր, քու կարեկցութիւնդ յաւիտենական է։ Քու ձեռքերուդ գործերը երեսի վրայ մի՛ թողուր։