Psalm 139
Job « Psalm 138 ‹ Psalm 139 › Psalm 140 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, զիս հետազօտեցիր ու ճանչցար.
2Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, Իմ մտածումս հեռուէն կը հասկնաս։
3Իմ 1քալելս ու պառկիլս կը քննես, Եւ իմ բոլոր ճամբաներուս իրազեկ ես։
4Արդարեւ խօսք մը տակաւին լեզուիս վրայ չեղած, Ահա՛ դուն, ո՛վ Տէր, ամբողջովին տեղեակ ես անոր։
5Ետեւէս եւ առջեւէս զիս պաշարեցիր, Ու քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։
6Այս գիտութիւնը յոյժ սքանչելի է ինծի համար. Այնչափ բարձր է, որ չեմ կրնար զայն հասկնալ։
7Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ, Եւ քու ներկայութենէդ ո՞ւր փախչիմ։
8Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ 2դժոխքը 3տարածեմ անկողինս, ահա՛ դուն հոն կը գտնուիս։
9Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ Ու ծովուն ծայրամասը բնակիմ,
10Հո՛ն ալ քու ձեռքդ զիս պիտի առաջնորդէ, Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
11Եթէ ըսեմ. «Անտարակոյս խաւարը զիս պիտի 4ծածկէ», Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ շուրջս։
12Խաւարն ալ քեզի համար 5մութ չէ, Հապա գիշերը ցերեկի պէս կը լուսաւորուի. Խաւարն ու լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ։
13Արդարեւ դո՛ւն 6ստեղծեցիր երիկամունքս, Եւ դո՛ւն զիս ծածկեցիր մօրս 7որովայնին մէջ։
14Կը ներբողեմ քեզ, Որովհետեւ ահաւոր ու 8սքանչելի կերպով ստեղծուեցայ՝՝. Քու գործերդ սքանչելի են Եւ իմ անձս լաւ գիտէ։
15Իմ ոսկորներս քեզմէ չպահուեցան՝ Երբ ծածկաբար 9ձեւակերպուեցայ, Երկրի ստորին մասերուն մէջ 10ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝՝։
16Քու աչքերդ իմ 11սաղմս տեսան. Բոլոր անդամներս քու գիրքիդ մէջ արձանագրուած էին Ու ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ ո՛չ մէկը կար։
17Ո՜րչափ պատուական են ինծի քու մտածումներդ, ո՛վ Աստուած. Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։
18Եթէ հաշուեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են. Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։
19Անշո՛ւշտ ամբարիշտը պիտի մեռցնես, ո՛վ Աստուած. Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինձմէ։
20Արդարեւ անոնք քեզի դէմ 12նենգութեամբ կը խօսին, Քու 13թշնամիներդ ընդունայն քու անունդ կ’առնեն՝՝։
21Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր. Միթէ քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։
22Զանոնք ծայրագոյն ատելութեամբ կ’ատեմ, Եւ ինծի թշնամի 14կը համարեմ՝՝։
23Հետազօտէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու ճանչցի՛ր իմ սիրտս. Քննէ՛ զիս, ու գիտցի՛ր իմ գաղափարներս.
24Նայէ՛ թէ արդեօք 15չար ճամբայի մէ՛ջ եմ, Եւ առաջնորդէ՛ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան։