Psalm 140
Job « Psalm 139 ‹ Psalm 140 › Psalm 141 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, ազատէ՛ զիս չար մարդէն, Պահպանէ՛ զիս բռնաւոր մարդէն։
2Անոնք իրենց սիրտին մէջ չարութեան մասին կը մտածեն, Եւ 1ամէն ատեն՝՝ պայքարի համար կը զինակցին։
3Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին. Քարբի ժահր կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սելա։)
4Ո՛վ Տէր, պահէ՛ զիս ամբարիշտին ձեռքէն, Պահպանէ՛ զիս բռնաւոր մարդէն, Որոնք մտածեցին 2զիս սայթաքեցնել՝՝։
5Ամբարտաւանները ինծի համար վարմ պահեցին ու լարեր դրին. Ցանց փռեցին իմ ճամբայիս վրայ, Որոգայթ դրին ինծի համար։ (Սելա։)
6Տէրոջ ըսի. «Դո՛ւն ես իմ Աստուածս»։ Ո՛վ Տէր, ունկնդրէ՛ աղաչանքիս ձայնը։
7Ով՛ Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դո՛ւն իմ գլուխիս 3հովանի եղար պայքարին օրը։
8Ո՛վ Տէր, 4մի՛ գոհացներ՝՝ ամբարիշտին փափաքները, Մի՛ յաջողցներ անոր նենգ մտադրութիւնը, Որ իրենք զիրենք չբարձրացնեն։ (Սելա։)
9Զիս շրջապատողներուն գլուխը՝ Իրենց շրթունքներուն անիրաւութիւնը թող 5ծածկէ։
10Հրավառ կայծեր թող 6իյնան անոնց վրայ. Թող ձգէ զանոնք կրակի մէջ, Խորունկ ջուրերու մէջ, որ վերստին չկանգնին։
117Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Ձախորդութիւնը պիտի հալածէ բռնաւոր մարդը, Որպէսզի զայն տապալէ։
12Գիտեմ թէ Տէրը պիտի 8պաշտպանէ դժբախտին դատը Եւ աղքատներուն իրաւունքը։
13Անկասկած արդարները քու անունդ պիտի ներբողեն. Ուղիղները ներկայութեանդ մէջ պիտի բնակին։