Psalm 141
Job « Psalm 140 ‹ Psalm 141 › Psalm 142 » Proverbs
ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, քեզի՛ կը գոչեմ. արտորա՛ ինծի օգնելու։ Ունկնդրէ՛ իմ ձայնս, երբ քեզի կը գոչեմ։
2Իմ աղօթքս 1քեզի թող ներկայանայ՝՝ խունկի պէս, Եւ ձեռքերուս բարձրանալը՝ իրիկուան ընծային պէս։
3Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերանիս, Ու պահպանէ՛ իմ շրթունքիս դուռը։
4Մի՛ հակեցներ սիրտս չար բանի, Որպէսզի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ ամբարշտութեան արարքներ չկատարեմ, Եւ անոնց խորտիկներէն չուտեմ։
5Արդարը թող ծեծէ զիս, ատիկա կարեկցութիւն է. Թող յանդիմանէ զիս, ատիկա 2օծումի իւղ է, Իմ գլուխս պիտի չմերժէ զայն. 3Որովհետեւ անոնց ձախորդութիւններուն մէջ ալ՝՝ պիտի աղօթեմ։
6Երբ անոնց դատաւորները ժայռոտ տեղեր ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, որովհետեւ հաճոյալի են։
7Մեր ոսկորները 4դժոխքին երախը ցրուեցան, Ինչպէս 5հերկողն ու գետինը ճեղքողը կը ցրուէ՝՝։
8Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ ուղղուած են. Քեզի՛ ապաւինեցայ, իմ անձս մի՛ 6լքեր։
9Պահէ՛ զիս ինծի համար լարուած որոգայթէն, Եւ անօրէնութիւն գործողներուն 7ծուղակներէն։
10Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Մինչդեռ ես բոլորովին անվնաս պիտի անցնիմ։