Psalm 142
Job « Psalm 141 ‹ Psalm 142 › Psalm 143 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթի երգը՝ երբ քարայրին մէջ էր. աղօթք։
1Իմ ձայնովս Տէրոջ կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջ կ’աղաչեմ։
2Իմ գանգատս անոր 1կը ներկայացնեմ՝՝, Տագնապս 2անոր կ’իմացնեմ։
3Երբ հոգիս թալկանայ ներսս, Դուն կը գիտնաս իմ շաւիղս։ Իմ գացած ուղիիս մէջ Ինծի համար վարմ թաղեցին։
4Նայէ՛ աջ կողմը եւ տե՛ս. Ո՛չ մէկը զիս կը ճանչնայ։ Ապաստանարանը կորսուեցաւ ինծի համար. Ո՛չ մէկը կայ՝ որ անձիս 3հոգ տանի՝՝։
5Ո՛վ Տէր, քեզի՛ աղաղակեցի Եւ ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Ու բաժինս՝ ապրողներու երկրին մէջ։
6Ուշադի՛ր եղիր իմ 4պաղատանքիս, Որովհետեւ մեծապէս 5թշուառացայ. Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Քանի ինձմէ հզօր են։
7Հանէ՛ զնտանէն իմ անձս, Որպէսզի քու անունդ ներբողեմ. Արդարները զիս պիտի շրջապատեն՝ Երբ ինծի երախտիք ընես»։