Psalm 143
Job « Psalm 142 ‹ Psalm 143 › Psalm 144 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ունկնդրէ՛ աղաչանքս, Պատասխանէ՛ ինծի քու հաւատարմութեամբդ Եւ արդարութեամբդ։
2Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ երթար, Որովհետեւ ո՛չ մէկ ապրող մարդ մը պիտի արդարանայ քու առջեւդ։
3Արդարեւ թշնամին իմ անձս հալածեց, Իմ կեանքս 1զգետնեց, կոխկռտեց. Զիս խաւարին մէջ բնակեցուց՝ 2Շատոնց մեռածներուն պէս։
4Ուստի հոգիս թալկացաւ ներսս, Սիրտս 3խռովեցաւ ներսս։
5Վաղեմի օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր արարքներուդ մասին կը խորհրդածեմ, Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կը խոկամ։
6Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկարեմ, Իմ անձս ծարաւուտ երկրի պէս քեզի կը պապակի։ (Սելա։)
7Շտապելո՛վ պատասխանէ ինծի, ո՛վ Տէր, Հոգիս նուաղեցաւ. Մի՛ ծածկեր ինձմէ քու երեսդ, Որպէսզի գուբը իջնողներուն չնմանիմ։
8Առտուընէ՛ լսել տուր ինծի քու կարեկցութիւնդ, Որովհետեւ քեզի վստահեցայ. 4Ցուցո՛ւր ինծի երթալիք ճամբաս, Քանի անձս դէպի քեզ բարձրացուցի։
9Ո՛վ Տէր, ազատէ՛ զիս թշնամիներէս, Որովհետեւ 5քեզ իմ ապաւէնս ըրի՝՝։
10Սորվեցո՛ւր ինծի քու կամքդ գործադրել, Քանի որ դո՛ւն ես իմ Աստուածս. Քու բարի Հոգիդ թող առաջնորդէ զիս 6ուղղամտութեան երկիրը՝՝։
11Ո՛վ Տէր, վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու անունիդ համար. Հանէ՛ իմ անձս տագնապէն՝ քու արդարութեամբդ.
12Բնաջնջէ՛ թշնամիներս՝ քու կարեկցութեամբդ, Կորսնցո՛ւր բոլոր անձս ճնշողները, Քանի որ ես քու ծառադ եմ։