Psalm 144
Job « Psalm 143 ‹ Psalm 144 › Psalm 145 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի սաղմոսը։
1Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ ձեռքերս կը վարժեցնէ պայքարի, Ու մատներս՝ պատերազմի։
2Ի՛նք է իմ կարեկցութիւնս ու բերդս, Իմ պատսպարանս եւ ազատարարս։ Իմ վահանս է, ուստի իրեն կ’ապաւինիմ. Ի՛նք ժողովուրդս կ’ենթարկէ ինծի։
3Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զայն կը ճանչնաս, Ու մարդու որդին՝ որ անոր հանդէպ համարում կ’ունենաս։
4Մարդը ունայնութեան նման է, Անոր օրերը անցնող ստուերի պէս են։
5Ո՛վ Տէր, հակեցո՛ւր քու երկինքդ եւ իջի՛ր. Դպչէ՛ լեռներուն՝ որպէսզի մխան։
6Փայլա՛կ նետէ ու ցրուէ՛ զանոնք. Արձակէ՛ նետերդ եւ խուճապի՛ մատնէ զանոնք։
7Ղրկէ՛ վերէն քու ձեռքդ, ու փրկէ՛ զիս. Ազատէ՛ զիս յորդառատ ջուրերէն եւ օտարազգիներուն ձեռքէն,
8Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի, Եւ անոնց աջ ձեռքը կեղծիքի աջ ձեռք է։
9Ո՛վ Աստուած, նո՛ր երգ պիտի երգեմ քեզի, Սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի՝ տասը լար ունեցող տաւիղով։
10Ի՛նք թագաւորներուն փրկութիւն կու տայ, Եւ իր ծառան՝ Դաւիթը կ’ազատէ չարաղէտ սուրէն։
11Փրկէ՛ զիս եւ ազատէ՛ օտարազգիներուն ձեռքէն, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի, Եւ անոնց աջ ձեռքը կեղծիքի աջ ձեռք է.
12Որպէսզի մեր որդիները իրենց մանկութեան մէջ մեծցող տունկերու պէս ըլլան, Ու մեր աղջիկները պալատի 1շէնքին համար՝՝ քանդակուած անկիւնաքարերու պէս ըլլան.
13Մեր ամբարները լեցուին Եւ ամէն տեսակ պարէնով յորդին, Ու մեր ոչխարները հազարապատիկ եւ բիւրապատիկ բազմանան մեր դաշտերուն մէջ.
14Մեր արջառները 2բազմածին ըլլան, 3Բռնութեամբ մտնել՝՝ կամ դուրս հանել չըլլայ, Ո՛չ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որ այսպիսի վիճակ ունի. Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։