Loading...

Psalm 145

Job  «  Psalm 144  ‹  Psalm 145  ›  Psalm 146  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Դաւիթի գովաբանութիւնը։

1

Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ Թագաւոր, իմ Աստուա՛ծս, Ու քու անունդ 1դարէ դար՝՝ պիտի օրհնաբանեմ։

2

Ամէն օր քեզ պիտի օրհնաբանեմ, Եւ քու անունդ դարէ դար պիտի գովաբանեմ։

3

Մեծ ու յոյժ գովելի է Տէրը. Անոր մեծութիւնը անհետազօտելի է։

4

Մէկ սերունդը միւսին պիտի դրուատէ քու գործերդ, Եւ քու քաջագործութիւններդ պիտի հռչակէ։

5

Քու փառքիդ պատուական վայելչութիւնը, Ու քու սքանչելի գործերդ պիտի 2հաղորդեմ։

6

Քու ահաւոր արարքներուդ զօրութեան մասին պիտի խօսին, Իսկ ես քու մեծագործութիւններդ պիտի պատմեմ։

7

Քու մեծ բարութեանդ յիշատակը պիտի արտայայտեն, Եւ քու արդարութեամբդ պիտի ցնծան։

8

Տէրը ողորմած ու գթած, Համբերատար եւ մեծապէս կարեկից է։

9

Տէրը բոլորին հանդէպ բարի է. Անոր գթութիւնները իր բոլոր գործերուն 3կը վերաբերին՝՝։

10

Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի ներբողեն, Եւ բարեպաշտներդ քեզ պիտի օրհնաբանեն։

11

Քու թագաւորութեանդ փառքին մասին պիտի խօսին, Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.

12

Որպէսզի մարդոց որդիներուն գիտցնեն Անոր քաջագործութիւններն ու թագաւորութեան փառաւոր վայելչութիւնը։

13

Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է Եւ քու տէրութիւնդ՝ սերունդէ սերունդ։

14

Տէրը նեցուկ կ’ըլլայ բոլոր ինկածներուն, Ու բոլոր կքածները կը կանգնեցնէ։

15

Բոլորին աչքերը քեզի կը սպասեն, Եւ դուն ատենին անոնց կու տաս իրենց կերակուրը։

16

Քու ձեռքդ կը բանաս, Ու ամէն կենդանի մարմին կը կշտացնես՝ իր փափաքին համաձայն։

17

Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ, Ու կարեկից՝ իր բոլոր գործերուն մէջ։

18

Տէրը մօտ է բոլոր անոնց՝ որ իրեն կը գոչեն, Բոլոր անոնց՝ որ ճշմարտութեամբ իրեն կը գոչեն։

19

Ան իրմէ վախցողներուն փափաքը կը գործադրէ. Անոնց աղաղակը կը լսէ եւ զանոնք կը փրկէ։

20

Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահպանէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը բնաջնջէ։

21

Իմ բերանս Տէրոջ գովաբանութիւնը պիտի արտայայտէ, Եւ ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնաբանէ դարէ դար։



1 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
2 Եբր.՝ խօսիմ
3 Եբր.՝ վրայ են