Loading...

Psalm 146

Job  «  Psalm 145  ‹  Psalm 146  ›  Psalm 147  »  Proverbs


ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ

1

Ալէլուիա՜։ Գովաբանէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

2

Տէրը պիտի գովաբանեմ իմ կեանքիս մէջ, Որքան ատեն որ ապրիմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։

3

Մի՛ վստահիք ազնուականներուն, Մարդու որդիին՝ որուն քով 1օգնութիւն չկայ.

4

Անոր հոգին 2կ’երթայ, ան իր հողը կը վերադառնայ, Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։

5

Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբի Աստուածն է, Եւ անոր յոյսը Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն վրայ է,

6

Որ 3ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, Ծովը եւ ամէն ինչ որ անոնց մէջ է։ Ինք ճշմարտութիւնը յաւիտենապէս կը պահէ,

7

Հարստահարուածներուն իրաւունքը կը 4պաշտպանէ, Եւ անօթիներուն հաց կու տայ։ Տէրը կ’արձակէ բանտարկեալները,

8

Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը, Տէրը կը կանգնեցնէ կքածները, Տէրը կը սիրէ արդարները,

9

Տէրը կը պահպանէ գաղթականները, Կը հաստատէ որբն ու այրին, Բայց կը 5խափանէ ամբարիշտներուն ճամբան։

10

Տէ՛րը պիտի թագաւորէ յաւիտենապէս, Քու Աստուա՛ծդ, ո՛վ Սիոն, սերունդէ սերունդ։ Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ ազատութիւն
2 Եբր.՝ դուրս կ’ելլէ
3 Եբր.՝ ըրաւ
4 Եբր.՝ գործադրէ
5 Եբր.՝ ծռէ