Psalm 147
Job « Psalm 146 ‹ Psalm 147 › Psalm 148 » Proverbs
ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
1Գովաբանեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ վայելուչ է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսել, Որովհետեւ հաճելի ու պատշաճ է գովաբանել։
2Տէ՛րը կը կառուցանէ Երուսաղէմը, Ի՛նք կը հաւաքէ Իսրայէլի աքսորականները.
3Կոտրած սիրտ ունեցողները կը բուժէ, Եւ անոնց խոցերը կը փաթթէ.
41Աստղերը կը թուարկէ, Անոնք բոլորն ալ իրենց անուններով կը կոչէ։
5Մեծ է մեր Տէրը, եւ իր կարողութիւնը շատ է. Անոր հանճարը անհուն է։
6Տէրը 2նեցուկ կ’ըլլայ հեզերուն՝՝, Իսկ մինչեւ գետին կը նուաստացնէ ամբարիշտները։
73Խմբերգեցէ՛ք Տէրոջ շնորհակալութեամբ, Սաղմո՛ս ըսէք մեր Աստուծոյն՝ քնարով։
8Ի՛նք կը ծածկէ երկինքը թանձր ամպերով, Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար, Ու խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ.
9Ի՛նք անասուններուն կու տայ իրենց 4կերը, Եւ ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կը գոչեն։
10Ան ձիուն զօրութենէն չ’ախորժիր, Մարդուն սրունքներուն չի հաճիր։
11Տէրը կը հաճի իրմէ վախցողներուն, Իր կարեկցութեան յուսացողներուն։
12Դրուատէ՛ Տէրը, ո՛վ Երուսաղէմ, Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիոն.
13Որովհետեւ ի՛նք ամրացուց քու դռներուդ նիգերը, Եւ օրհնեց որդիներդ քու մէջդ։
14Ի՛նք խաղաղութիւն կու տայ հողամասիդ, Ու քեզ կը կշտացնէ 5ընտիր ցորենով։
15Իր հրամանը երկրին կը ղրկէ, Եւ իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։
16Ձիւն կու տայ՝ բուրդի պէս, Եղեամը կը ցանէ մոխիրի պէս,
17Իր սառը կը նետէ պատառներու պէս. Անոր ցուրտին ո՞վ կրնայ դիմանալ։
18Իր խօսքը կը ղրկէ, ու կը հալեցնէ զանոնք. Իր հովը կը փչէ, եւ ջուրեր կը հոսին։
19Իր խօսքը կը հաղորդէ Յակոբի, Իր կանոններն ու դատավճիռները՝ Իսրայէլի։
20Ո՛չ մէկ ազգի հետ այսպէս վարուեցաւ, Բայց անոնք իր դատավճիռները չճանչցան։ Ալէլուիա՜։