Loading...

Psalm 148

Job  «  Psalm 147  ‹  Psalm 148  ›  Psalm 149  »  Proverbs


ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼՈՒ

1

Ալէլուիա՜։ Գովաբանեցէ՛ք Տէրը երկինքէն. Գովաբանեցէ՛ք զայն բարձր վայրերուն մէջ։

2

Գովաբանեցէ՛ք զայն, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակները, Գովաբանեցէ՛ք զայն, ո՛վ անոր բոլոր զօրքերը։

3

Գովաբանեցէ՛ք զայն, ո՛վ արեւ եւ լուսին. Գովաբանեցէ՛ք զայն, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։

4

Գովաբանեցէ՛ք զայն՝ ո՛վ երկինքներու երկինք, Ու երկինքէն վեր եղող ջուրեր։

5

Տէրոջ անունը թող գովաբանեն, Որովհետեւ ինք պատուիրեց, եւ անոնք ստեղծուեցան.

6

Զանոնք 1դարէ դար՝՝ 2հաստատեց, Կանոն դրաւ՝ որ 3անխափանելի է։

7

Գովաբանեցէ՛ք Տէրը երկրէն՝ Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ,

8

Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու մշուշ, Եւ անոր հրահանգը գործադրող մրրկալից հով,

9

Լեռներ եւ բոլոր բլուրներ, Պտղատու ծառեր ու բոլոր մայրիներ,

10

Գազաններ եւ բոլոր անասուններ, Սողուններ ու թեւաւոր թռչնազգիներ,

11

Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր 4ժողովուրդներ, Իշխանաւորներ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,

12

Երիտասարդներ եւ կոյսեր, Ծերեր ու տղաներ։

13

Բոլորը թող գովաբանեն Տէրոջ անունը, Որովհետեւ միայն անոր անունը վսեմ է. Անոր փառաւորութիւնը երկրէն ու երկինքէն 5վեր է։

14

Ի՛նք բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը, Իր բոլոր բարեպաշտներուն, Իր մօտը եղող ժողովուրդին՝ Իսրայէլի որդիներուն գովաբանութիւնը։ Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ յաւերժութենէ յաւերժութիւն
2 Եբր.՝ կայունացուց
3 Եբր.՝ անփոփոխելի
4 Եբր.՝ բնակչութիւններ
5 Եբր.՝ բարձր