Loading...

Psalm 149

Job  «  Psalm 148  ‹  Psalm 149  ›  Psalm 150  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ

1

Ալէլուիա՜։ Նո՛ր երգ երգեցէք Տէրոջ, Երգեցէ՛ք անոր գովաբանութիւնը՝ բարեպաշտներուն համախմբումին մէջ։

2

Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Արարիչով. Սիոնի որդիները թող խայտան իրենց Թագաւորով։

3

Պարով թող գովաբանեն անոր անունը, Թմբուկով ու քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր,

4

Որովհետեւ Տէրը իր ժողովուրդին կը հաճի, Հեզերը փրկութեամբ պիտի փառաւորէ։

5

Բարեպաշտները փառքով թող հրճուին, Եւ իրենց անկողինին մէջ ցնծան.

6

Աստուծոյ գովաբանութիւնները անոնց բերանին մէջ թող ըլլան, Ու երկսայրի սուր մը՝ անոնց ձեռքին մէջ,

7

Որպէսզի հեթանոսներէն վրէժ առնեն, Ու 1ժողովուրդները 2պատժեն.

8

Որպէսզի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն, Եւ անոնց 3ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,

9

Որպէսզի գրուած դատավճիռը անոնց վրայ գործադրեն։ Այս փառաւորութիւնը իր բոլոր բարեպաշտներուն համար է։ Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ բնակչութիւնները
2 Եբր.՝ կշտամբեն
3 Եբր.՝ պատուաւորները