Loading...

Psalm 150

Job  «  Psalm 149  ‹  Psalm 150  ›  Proverbs 1  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

1

Ալէլուիա՜։ Գովաբանեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ. Գովաբանեցէ՛ք զայն իր զօրութեան հաստատութեան մէջ։

2

Գովաբանեցէ՛ք զայն իր քաջագործութիւններուն համար, Գովաբանեցէ՛ք զայն իր մեծութեան ճոխութեան համեմատ։

3

Գովաբանեցէ՛ք զայն շեփորի հնչիւնով, Գովաբանեցէ՛ք զայն տաւիղով ու քնարով։

4

Գովաբանեցէ՛ք զայն թմբուկով եւ պարով, Գովաբանեցէ՛ք զայն լարաւոր նուագարաններով ու սրինգով։

5

Գովաբանեցէ՛ք զայն մեծաձայն ծնծղաներով, Գովաբանեցէ՛ք զայն մեծագոչ ծնծղաներով։

6

Ամէն շունչ ունեցող թող գովաբանէ Տէրը։ Ալէլուիա՜։