Romans 3
Acts « Romans 2 ‹ Romans 3 › Romans 4 » 1 Corinthians
1
Ուրեմն ի՞նչ առաւելութիւն ունի Հրեան, կամ ի՞նչ շահ կայ թլփատութենէն.
2շատ՝ ամէն կերպով։ Նախ այն՝ որ Աստուծոյ պատգամները վստահուեցան անոնց։
3Ուրեմն ի՞նչ. եթէ անոնցմէ ոմանք հաւատարիմ չեղան, միթէ անոնց անհաւատարմութիւնը ոչնչացո՞ւց Աստուծոյ հաւատարմութիւնը. ամե՛նեւին։
4Հապա Աստուած ճշմարտախօս 1պիտի ճանչցուի՝՝, եւ բոլոր մարդիկ՝ ստախօս. ինչպէս գրուած է. «Հետեւաբար դուն արդար պիտի ըլլաս խօսքերուդ մէջ, եւ յաղթես՝ երբ դատուիս»։
5Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ արդարութիւնը, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ բարկութիւն կը ցուցաբերէ
6(մարդկօրէն կ’ըսեմ). ամե՛նեւին։ Այլապէս՝ Աստուած ի՞նչպէս պիտի դատէ աշխարհը։
7Որովհետեւ եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կը ճոխանայ իմ ստութեամբս՝ իր փառքին համար, ա՛լ ես ինչո՞ւ կը դատուիմ իբր մեղաւոր։
8Եւ ինչո՞ւ պատշաճ չէ ըսել. «Չարիք գործենք՝ որ բարիք յառաջ գայ», ինչպէս ոմանք մեզի հայհոյելով 2կը զրպարտեն՝՝ թէ մենք այդպէս կ’ըսենք։ Ատոնց 3դատապարտութիւնը արդարացի է։
Ո՛Չ ՄԷԿ ՄԱՐԴ ԱՐԴԱՐ Է
9Ուրեմն ա՛լ ի՞նչ ըսենք, գերազա՞նց ենք հեթանոսներէն։ Ո՛չ մէկ կերպով. որովհետեւ նախապէս մեղադրեցինք Հրեաները եւ Յոյները, թէ բոլո՛րը մեղքի տակ են,
10ինչպէս գրուած է. «Ո՛չ մէկ արդար կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ։
11Ո՛չ մէկը կայ որ հասկնայ, ո՛չ մէկը կայ որ փնտռէ Աստուած։
12Բոլո՛րը խոտորեցան, միասին անպէտ դարձան. ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ»։
13«Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուով նենգաւոր եղան»։ «Իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։
14«Անոնց բերանը լեցուն է անէծքով ու դառնութեամբ»։
15«Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու.
16կործանում եւ թշուառութիւն կայ անոնց ճամբաներուն մէջ։
17Չճանչցան խաղաղութեան ճամբան»։
18«Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։
19Բայց գիտենք թէ ի՛նչ որ կ’ըսէ Օրէնքը, կ’ըսէ անո՛նց՝ որ Օրէնքին տակ են, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհը դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։
20Ուստի ո՛չ մէկ մարմին պիտի արդարանայ անոր առջեւ Օրէնքին գործերով, քանի որ Օրէնքին միջոցով կ’ըլլայ մեղքի գիտակցութիւնը։
ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ’ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ ՄԱՐԴԸ
21Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու 4Մարգարէներէն.
22այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ։
23Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն.
24բայց ձրի կ’արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ։
25Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս — Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ — գործուած մեղքերը։
26Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը։
27Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծանքը. բացառուեցաւ։ Ո՞ր Օրէնքէն, գործերո՞ւ Օրէնքէն։ Ո՛չ, հապա հաւատքի Օրէնքէն.
28որովհետեւ մենք կը հետեւցնենք թէ մարդ կ’արդարանայ հաւատքով՝ առանց Օրէնքին գործերուն։
29Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞. այո՛, նաեւ հեթանոսներունը։
30Քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ, որ թլփատութիւնը կ’արդարացնէ հաւատքով, նաեւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։
31Ուստի մենք կ’ոչնչացնե՞նք Օրէնքը հաւատքով։ Ամե՛նեւին. նոյնիսկ կը հաստատե՛նք Օրէնքը։