Romans 10
Acts « Romans 9 ‹ Romans 10 › Romans 11 » 1 Corinthians
1
Եղբայրնե՛ր, սիրտիս բաղձանքն է, նաեւ Աստուծոյ ուղղած աղերսանքս՝ 1Իսրայէլի համար, որ անոնք փրկուին։
2Որովհետեւ ես անոնց համար կը վկայեմ թէ նախանձախնդրութիւն ունին Աստուծոյ հանդէպ, բայց ո՛չ թէ գիտակցութեամբ։
3Քանի որ՝ անգիտանալով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ջանալով հաստատել իրե՛նց արդարութիւնը՝ անոնք չհպատակեցան Աստուծոյ արդարութեան։
4Որովհետեւ Քրիստո՛ս է Օրէնքին վախճանը՝ ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Է
5Արդարեւ Մովսէս Օրէնքէն եղող արդարութեան մասին կը գրէ. «Այն մարդը որ կը գործադրէ այդ բաները՝ պիտի ապրի անոնցմով»։
6Բայց հաւատքէն եղող արդարութիւնը սա՛ կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր սիրտիդ մէջ. “Ո՞վ պիտի բարձրանայ երկինքը”, (այսինքն՝ Քրիստոսը վար իջեցնելու,)
7կամ. “Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը” (այսինքն՝ Քրիստոսը մեռելներէն վեր հանելու)»։
8Հապա ի՞նչ կ’ըսէ ան. «Խօսքը մօտ է քեզի, բերանիդ եւ սիրտիդ մէջ է». այսինքն հաւատքին խօսքը՝ որ մենք կը քարոզենք։
9Որովհետեւ եթէ բերանովդ Տէր դաւանիս Յիսուսը, ու սիրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն՝ պիտի փրկուիս.
10(որովհետեւ սիրտով կը հաւատայ մէկը՝ արդարանալու համար, ու բերանով կը դաւանի՝ փրկուելու համար։)
11Քանի որ Գիրքը կ’ըսէ. «Ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»։
12Արդարեւ խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, որովհետեւ բոլորին վրայ եղող նոյն Տէրը ճոխութեամբ կը հասնի բոլոր անոնց՝ որ զինք կը կանչեն։
13Քանի որ “ո՛վ որ Տէրոջ անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի”։
14Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն զայն՝ որուն հաւատացած չեն. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր՝ որուն մասին լսած չեն. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց քարոզիչի։
15Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին, ինչպէս գրուած է. «Ի՜նչ գեղեցիկ են ոտքերը անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’աւետեն, բարի բաներ կ’աւետեն»։
16Բայց բոլորը չհնազանդեցան աւետարանին, քանի որ Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։
17Ուրեմն հաւատքը կու գայ լսելէն, ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։
18Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն։ Անկասկած. “Անոնց հնչիւնը գնաց ամբո՛ղջ երկիրը, եւ անոնց խօսքը՝ մինչեւ երկրագունդին ծայրերը”»։
19Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Նախ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես պիտի գրգռեմ ձեր նախանձը 2անպիտան ազգով՝՝ մը, պիտի բարկացնեմ ձեզ անխելք ազգով մը»։
20Բայց Եսայի շատ յանդուգն է, ու կ’ըսէ. «Ես գտնուեցայ անոնցմէ՝ որոնք չէին փնտռեր զիս, յայտնուեցայ անոնց՝ որոնք չէին հարցներ իմ մասիս»։
21Սակայն Իսրայէլի համար կ’ըսէ. «Ամբողջ օրը երկարեցի իմ ձեռքերս՝ չանսացող եւ հակաճառող ժողովուրդի մը»։