Loading...

Song of Solomon 1

Ecclesiastes  «  Ecclesiastes 12  ‹  Song of Solomon 1  ›  Song of Solomon 2  »  Isaiah


ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԳ

1

Սողոմոնի երգերուն երգը.—


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

2

1Համբուրէ՛ զիս քու բերանիդ համբոյրներով՝՝, Որովհետեւ քու տարփանքդ գինիէն աւելի լաւ է,

3

Քու 2հոտաւէտ իւղերուդ բուրմունքէն աւելի ախորժելի։ Քու անունդ թափուած հոտաւէտ իւղի պէս է, Հետեւաբար օրիորդները քեզ կը սիրեն։

4

Քաշէ՛ զիս քու ետեւէդ. վազե՛նք։ Թագաւորը զիս տարաւ իր ներքին սենեակները. Խայտա՛նք եւ ուրախանա՛նք քեզի հետ, Ներբողե՛նք քու տարփանքդ գինիէն աւելի. 3Իրաւունք ունին քեզ սիրելու՝՝։

5

Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ես 4սեւցած եմ, բայց՝ 5գեղեցիկ, Կեդարի վրաններուն պէս, Սողոմոնի վարագոյրներուն պէս։

6

Մի՛ նայիք ինծի՝ սեւաթոյր ըլլալուս համար, Որովհետեւ արե՛ւը զիս թխացուց. Իմ մօրս որդիները ինծի դէմ բորբոքեցան, Զիս այգիներու պահապան նշանակեցին, Բայց իմ այգիս չպահպանեցի։

7

Իմացո՛ւր ինծի, ո՛վ անձիս սիրածը, Քու հօտդ ո՞ւր կ’արածես. Կէսօրին ո՞ւր կը պառկեցնես. Քու ընկերակիցներուդ հօտերուն քով Ինչո՞ւ 6մոլորածի պէս ըլլամ։


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

8

Եթէ դուն չես գիտեր, ո՛վ կիներուն գեղեցկագոյնը, 7Գնա՛ հօտերուն հետքերէն Եւ արածէ՛ ուլերդ հովիւներուն վրաններուն քով։

9

Փարաւոնի կառքերուն լծուած զամբիկի մը նմանցուցի քեզ, ո՛վ իմ սիրուհիս։

10

Քու այտերդ գեղեցիկ են զարդեղէններով, Եւ վիզդ՝ քայռամանեակներով։

11

Քեզի ոսկիէ զարդեղէններ պիտի շինենք՝ Արծաթէ կիտուածներով։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

12

Մինչ թագաւորը սեղանն է, Իմ նարդոսս իր բուրմունքը 8կ’արձակէ՝՝։

13

Իմ սիրականս ինծի զմուռսի ծրարի պէս է. 9Գիշերը պիտի հանգչի՝՝ իմ 10ստինքներուս միջեւ։

14

Իմ սիրականս ինծի համար հինայի ողկոյզ մըն է՝ Ենգադդիի այգիներուն մէջ։


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

15

Ահա՛ գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Ահա՛ գեղեցիկ ես, քու աչքերդ աղաւնիներու նման են։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

16

Ո՛վ իմ սիրականս, ահա՛ գեղեցիկ ես ու հաճելի, Եւ մեր մահիճը կանաչազարդ է։

17

Մեր տուներուն գերանները մայրիի փայտէ են, Ու մեր առիքները՝ եղեւնափայտէ։



1 Եբր.՝ Իր բերանին համբոյրներով թող համբուրէ զիս
2 Եբր.՝ լաւորակ
3 Եբր.՝ Քեզ ուղղամտութեամբ կը սիրեն
4 Եբր.՝ սեւ
5 Եբր.՝ վայելուչ
6 Կամ՝ ծածկուած կնոջ
7 Եբր.՝ դո՛ւրս ելիր
8 Եբր.՝ կու տայ
9 Եբր.՝ Պիտի գիշերէ
10 Եբր.՝ ծիծերուս