Song of Solomon 2
Ecclesiastes « Song of Solomon 1 ‹ Song of Solomon 2 › Song of Solomon 3 » Isaiah
1
Ես Սարոնի նարկիսն եմ, Ու հովիտներուն շուշանը։
ՍԻՐԱԿԱՆԸ
2Ինչպէս է շուշանը 1մոշենիներուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ։
ՍԻՐՈՒՀԻՆ
3Ինչպէս է խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրականս 2երիտասարդներուն մէջ. Անոր հովանիին տակ 3ցանկալի է նստիլ՝՝, Եւ անոր պտուղը քաղցր է իմ քիմքիս։
4Զիս 4խնճոյքին տունը տարաւ., Ու վրաս իր սիրոյ դրօշը պարզեց։
5Նեցո՛ւկ եղէք ինծի չամիչով կարկանդակներով, Ուժովցուցէ՛ք զիս խնձորներով, Որովհետեւ ես սիրով հիւանդ եմ։
6Անոր ձախ ձեռքը իմ գլուխիս տակ ըլլայ, Եւ աջ ձեռքը զիս գրկէ։
ՍԻՐԱԿԱՆԸ
7Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնեցնեմ, Որ 5սիրուհիս չսթափեցնէք եւ չարթնցնէք, Մինչեւ որ ինք փափաքի։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԳ ՍԻՐՈՒՀԻՆ
8Իմ սիրականիս ձայնն է. Ահա՛ ան կու գայ՝ լեռներուն վրայէն ոստոստելով, Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով.
9Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։ Ահա՛ հիմա մեր պատին ետեւը կայնած է, Պատուհաններէն կը նայի, Վանդակներէն կ’երեւնայ։
10Իմ սիրականս պատասխանելով ինծի ըսաւ. «Կանգնէ՛, իմ սիրուհիս, իմ գեղեցիկս, ու եկո՛ւր.
(ՍԻՐԱԿԱՆԸ)
11Որովհետեւ ահա՛ ձմեռը անցաւ, Տեղատարափները անցան գացին։
12Գետինին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան, 6Դայլայլի ատենը հասաւ, Ու մեր երկրին մէջ տատրակին ձայնը կը լսուի։
13Ահա՛ թզենին իր խակ թուզերը կը հասունցնէ, Եւ ծաղկած որթատունկերը իրենց բուրմունքը 7կ’արձակեն։ Կանգնէ՛, իմ սիրուհիս, իմ գեղեցիկս, ու եկո՛ւր։
14Ո՛վ իմ աղաւնիս, որ կը կենաս ժայռի խորշերուն մէջ, Ցից ժայռին ծածկոյթին տակ, 8Դէ՛մքդ ցուցուր ինծի, ձա՛յնդ լսել տուր ինծի, Որովհետեւ ձայնդ քաղցր է, ու դէմքդ՝ 9գեղեցիկ»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ
15Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները, Այգիները փճացնող պզտիկ աղուէսները, Քանի մեր այգիները ծաղկած են։
ՍԻՐՈՒՀԻՆ
16Իմ սիրականս իմս է, ու ես անո՛րն եմ։ Ան իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։
17Դեռ օրը չզովացած եւ ստուերները 10չհեռացած՝ Վերադարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս, Ու նմանէ՛ Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին Կամ եղնիկներու ձագին։