Loading...

Song of Solomon 3

Ecclesiastes  «  Song of Solomon 2  ‹  Song of Solomon 3  ›  Song of Solomon 4  »  Isaiah


(ՍԻՐՈՒՀԻՆ)

1

Իմ անձիս սիրածը փնտռեցի Գիշերը՝ անկողինիս մէջ. Զայն փնտռեցի, բայց չգտայ։

2

Հիմա կանգնիմ, շրջիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ Իմ անձիս սիրածը փնտռեմ. Զայն փնտռեցի, բայց չգտայ։

3

Քաղաքին մէջ շրջող պահապանները զիս գտան, որոնց ըսի. «Արդեօք իմ անձիս սիրածը տեսա՞ք»։

4

Հազիւ անոնցմէ 1հեռանալով՝ Իմ անձիս սիրածը գտայ։ Զայն բռնեցի ու չթողուցի՝ Մինչեւ որ իմ մօրս տունը տարի, Զիս ծնանողին ներքին սենեակը։


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

5

Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնեցնեմ, Որ 2սիրուհիս չսթափեցնէք եւ չարթնցնէք՝ Մինչեւ որ ինք փափաքի։


ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԳ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

6

Ո՞վ է ասիկա՝ որ անապատէն կը բարձրանայ Ծուխի սիւներու պէս, Զմուռսով եւ կնդրուկով բուրուած, Նաեւ վաճառականներու ամէն տեսակ փոշիներով։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

7

Ահա՛ Սողոմոնի 3գահոյքը, Որուն շուրջը Իսրայէլի զօրաւորներէն Վաթսուն զօրաւոր կայ։

8

Բոլորն ալ սուսերաւոր Ու պատերազմի վարժուած են։ Գիշերուան երկիւղին համար՝ Իւրաքանչիւրին սուրը իր ազդրին վրայ է։

9

Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի փայտէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։

10

Անոր սիւները արծաթէ շինեց, յենարանը՝ ոսկիէ, Բազմոցը՝ 4ծիրանիէ. Անոր մէջտեղի բանուածքը՝ Երուսաղէմի աղջիկներուն սիրոյ գործն էր։

11

Ո՛վ Սիոնի աղջիկներ, դո՛ւրս ելէք Եւ նայեցէ՛ք Սողոմոն թագաւորին, Այն թագով՝ որով իր մայրը զինք 5պսակեց իր փեսայութեան օրը, Իր սիրտին ուրախութեան օրը։



1 Եբր.՝ հեռու անցնելով
2 Եբր.՝ սէրը
3 Կամ՝ մահիճը
4 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպասէ
5 Եբր.՝ թագադրեց