Loading...

Song of Solomon 4

Ecclesiastes  «  Song of Solomon 3  ‹  Song of Solomon 4  ›  Song of Solomon 5  »  Isaiah


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

1

Ահա՛ գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա՛ գեղեցիկ ես։ Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներու նման են. Մազերդ Գաղաադ 1լեռը պառկող՝՝ այծերու հօտին պէս են։

2

Ակռաներդ լուացարանէն բարձրացող խուզուած մաքիներու հօտի պէս են, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին, Եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը ամուլ է։

3

Շրթունքդ կրկնակի կարմիր դերձանի պէս է, Ու խօսուածքդ 2գեղեցիկ է։ Թուշերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի շերտերու պէս են։

4

Վիզդ զինարանի համար կառուցանուած Դաւիթի աշտարակին պէս է, Ուր հազար ասպար կախուած է. Բոլորն ալ զօրաւորներու վահաններ են։

5

Երկու 3ստինքներդ նման են երկու ձագերու, Այծեամի մը երկուորեակներուն, Որոնք շուշաններու մէջ կ’արածին։

6

Դեռ օրը չզովացած եւ ստուերները 4չհեռացած՝ Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։

7

Բոլո՛րովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Եւ քու վրադ արատ չկայ։

8

Ո՛վ իմ հարսս, եկո՛ւր ինծի հետ Լիբանանէն, Եկո՛ւր Լիբանանէն ինծի հետ. Նայէ՛ Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներու որջերէն, ինձերու լեռներէն։

9

Սիրտս գրաւեցիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս. Սիրտս գրաւեցիր քու մէկ 5նայուածքովդ Եւ վիզիդ մէկ մանեակով։

10

Քու տարփանքդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու տարփանքդ գինիէն աւելի լաւ է, Եւ քու հոտաւէտ իւղերուդ բուրմունքը՝ Բոլոր բուրաւէտ համեմներէն։

11

Շրթունքէդ մեղրախորիսխ կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ. Քու հանդերձներուդ բուրմունքը Լիբանանի բուրմունքին պէս է։

12

Իմ հարս քոյրս կղպուած պարտէզ մըն է, Կղպուած 6ջուրի աղբիւր՝՝ ու կնքուած աղբերակ։

13

Քու ծառատունկերդ նռնենիներու մրգաստան են՝ Քաղցրահամ պտուղներով, հինայով ու նարդոսով,

14

Նարդոսով եւ քրքումով, խունկեղէգով ու կինամոնով, Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով, Եւ բոլոր գլխաւոր բուրաւէտ համեմներով։

15

Պարտէզներու աղբիւր ես, Կենարար ջուրերու ջրհոր՝ Որոնք Լիբանանէն կը հոսին։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

16

Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս. եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ. Փչեցէ՛ք պարտէզիս մէջ, որպէսզի անոր բուրաւէտ համեմները 7բուրեն։ Իմ սիրականս թող գայ իր պարտէզը Եւ ուտէ իր քաղցրահամ պտուղները։



1 Կամ՝ լեռնէն երեւցող
2 Եբր.՝ վայելուչ
3 Եբր.՝ ծիծերդ
4 Եբր.՝ չփախած
5 Եբր.՝ աչքովդ
6 Կամ՝ ջրակոյտ
7 Եբր.՝ հոսին