Song of Solomon 5
Ecclesiastes « Song of Solomon 4 ‹ Song of Solomon 5 › Song of Solomon 6 » Isaiah
ՍԻՐԱԿԱՆԸ
1Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս. Իմ զմուռսս բուրաւէտ համեմներուս հետ ժողվեցի, Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ, Իմ գինիս կաթովս խմեցի։ Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ. Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԳ ՍԻՐՈՒՀԻՆ
2Ես կը քնանայի, բայց սիրտս արթուն էր։ Ահա՛ իմ սիրականիս ձայնն է. դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ. իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բա՛ց ինծի. Քանի որ գլուխս ցօղով լեցուած է, Ու գանգուրներս՝ գիշերուան կաթիլներով»։
(ՍԻՐԱԿԱՆԸ) «Ո՛վ (ՍԻՐՈՒՀԻՆ)
3«Իմ պատմուճանս հաներ եմ, Զայն ի՞նչպէս հագնիմ. Ոտքերս լուացեր եմ, Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ»։
4Իմ սիրականս ձեռքը դրան ծակէն երկարեց, Ուստի իրեն համար ընդերքս ալեկոծեցաւ։
5Կանգնեցայ՝ որ սիրականիս բանամ դուռը. Ձեռքերէս զմուռս կաթեցաւ, ու մատներէս զմուռս 1հոսեցաւ Կղպանքին 2բռնակին վրայ։
6Իմ սիրականիս բացի, Բայց սիրականս քաշուեր 3գացեր էր։ Մինչ ինք կը խօսէր, իմ անձս 4նուաղեցաւ. Զինք փնտռեցի, բայց չգտայ. Զինք կանչեցի, բայց ինծի չպատասխանեց։
7Քաղաքին մէջ շրջող պահապանները զիս գտան, Զարկին ինծի ու վիրաւորեցին զիս. Պարիսպին պահապանները քօղս վրայէս հանեցին։
8Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնեցնեմ, Եթէ իմ սիրականս գտնէք՝ Անոր իմացուցէ՛ք թէ ես սիրով հիւանդ եմ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ
9Ո՛վ կիներուն գեղեցկագոյնը, Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ աւելի ի՞նչ ունի։ Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ աւելի ի՞նչ ունի, Որ մեզ այդպէս կ’երդմնեցնես։
ՍԻՐՈՒՀԻՆ
10Իմ սիրականս սպիտակաթոյր ու շէկ է, 5Նշանաւոր՝ տասը հազարի մէջ։
11Անոր գլուխը 6շատ զուտ ոսկի է. Գանգուրները կը ծածանին, եւ ագռաւի պէս սեւ են։
12Աչքերը աղաւնիներու պէս են՝ ջուրի վտակներու քով, Կաթով լուացուած, 7Լաւ ագուցանուած գոհարներու պէս՝՝։
13Անոր այտերը բուրաւէտ համեմներու ածուին պէս են, 8Հոտաւէտ ծաղիկներու թաղարներուն՝՝ պէս. Շրթունքը 9հոսուն զմուռս կաթեցնող շուշան է։
14Ձեռքերը ոսկի ապարանջաններ են՝ 10Ոսկեքարերով ագուցանուած. 11Փորը յղկուած փղոսկր է՝ Շափիւղաներով ծածկուած։
15Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝ Զուտ ոսկիէ խարիսխներու վրայ հաստատուած։ Տեսքը Լիբանանի պէս է, Մայրիներուն պէս ընտիր։
16Անոր քիմքը 12քաղցր է, Եւ ինք՝ ամբո՛ղջ էութեամբ ցանկալի։ Ա՛յսպէս է իմ սիրականս, ա՛յսպէս է իմ բարեկամս, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։