Loading...

Song of Solomon 6

Ecclesiastes  «  Song of Solomon 5  ‹  Song of Solomon 6  ›  Song of Solomon 7  »  Isaiah


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

1

Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ո՛վ կիներուն գեղեցկագոյնը. Քու սիրականդ ո՞ր կողմը դարձաւ, Որ զայն քեզի հետ փնտռենք։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

2

Իմ սիրականս իր պարտէզը իջաւ՝ Բուրաւէտ համեմներու ածուներուն քով, Որպէսզի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ Ու շուշաններ ժողվէ։

3

Ես իմ սիրականիսն եմ, Եւ իմ սիրականս իմս է. Ան իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։


ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԳ ՍԻՐԱԿԱՆԸ

4

Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս վայելուչ ես, Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու։

5

Դարձո՛ւր ինձմէ քու աչքերդ, Որովհետեւ անոնք զիս կը նուաճեն։ Մազերդ 1Գաղաադ պառկող՝՝ այծերու հօտին պէս են։

6

Ակռաներդ լուացարանէն բարձրացող մաքիներու հօտին կը նմանին, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին, Եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը ամուլ է։

7

Թուշերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի շերտերու պէս են։

8

Թագուհիները վաթսուն հատ են, հարճերը՝ ութսուն, Իսկ օրիորդները՝ անթիւ.

9

Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս՝ մէկ հատիկ է, Իր մօր մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին 2ընտրեալը։ Աղջիկները զայն տեսան Եւ զինք երանելի կոչեցին. Թագուհիներն ու հարճերն ալ Զայն գովեցին։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

10

Ո՞վ է ասիկա՝ որ արշալոյսի պէս կը նայի, Լուսինի պէս գեղեցիկ է, արեւի պէս՝ վճիտ, Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

11

Ընկուզենիներու պարտէզը իջայ, Որպէսզի ձորին 3դալար վիճակը՝՝ տեսնեմ, Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը կը բողբոջի՛, Ու նռնենիները կ’ընձիւղի՛ն։

12

Առանց իմ գիտնալուս՝ անձս զիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

13

Վերադարձի՛ր, վերադարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացի, Վերադարձի՛ր, վերադարձի՛ր, որպէսզի քեզ տեսնենք։ Ի՞նչ պիտի տեսնէք Սողոմացիին վրայ. Իբր թէ երկու 4խումբերու պա՞րը։



1 Կամ՝ Գաղաադէն երեւցող
2 Կամ՝ վճիտը
3 Կամ՝ պտուղները
4 Կամ՝ բանակներու