Song of Solomon 7
Ecclesiastes « Song of Solomon 6 ‹ Song of Solomon 7 › Song of Solomon 8 » Isaiah
ՍԻՐԱԿԱՆԸ
1Ի՜նչ գեղեցիկ են ոտքերդ քու կօշիկներուդ մէջ, Ո՛վ ազնուականի աղջիկ. Ազդրերուդ շրջագիծը մանեակներու պէս է՝ Բանուած արուեստագէտի մը ձեռքով։
2Պորտդ բոլորաձեւ բաժակ մըն է՝ 1խմիչքով լեցուն՝՝, Փորդ՝ շուշանով շրջպատուած ցորենի դէզ։
3Երկու 2ստինքներդ նման են երկու ձագերու, Այծեամի մը երկուորեակներուն։
4Վիզդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է. Աչքերդ կը նմանին Եսեբոնի լճակներուն՝ Բաթրաբբիմի դրան քով. Քիթդ Լիբանանի աշտարակին պէս է, Որ դէպի Դամասկոս կը նայի։
5Գլուխդ քու վրադ Կարմեղոսի պէս է, Եւ գլուխիդ մազափունջը՝ 3ծիրանիի պէս. Թագաւորը քու խոպոպներէդ 4գերուած է։
6Ո՜րչափ գեղեցիկ ու ո՜րչափ հաճելի ես, Իմ քնքուշ 5սիրուհիս։
7Քու հասակդ արմաւենիի կը նմանի, Եւ ստինքներդ՝ ողկոյզներու։
8Ըսի. «Արմաւենիին վրայ ելլեմ, Անոր ոստերը բռնեմ»։ 6Ստինքներդ որթատունկի ողկոյզներուն պէս թող ըլլան, Ռունգերուդ բուրմունքը՝ խնձորներու հոտին պէս,
9Եւ քիմքդ՝ լաւագոյն գինիին պէս, Որ ուղիղ 7կը հոսի՝՝ իմ սիրականիս համար, Ու քնացողներուն շրթունքներուն 8վրայ կը կաթի՝՝։
ՍԻՐՈՒՀԻՆ
10Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ ան ինծի կը բաղձայ։
11Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դո՛ւրս ելլենք՝ դէպի դաշտը, Գիւղերո՛ւ մէջ գիշերենք.
12Առտուն կանո՛ւխ ելլենք, այգինե՛րը երթանք, Ու տեսնե՛նք թէ արդեօք որթատունկը կը բողբոջի՛, ծաղիկը կը բացուի՛, Եւ նռնենիները կ’ընձիւղի՛ն. Հո՛ն իմ տարփանքս քեզի պիտի տամ։
13Մանրագորները իրենց բուրմունքը 9կ’արձակեն՝՝, Ու մեր դռներուն մէջ կան Բոլոր քաղցրահամ պտուղները, թէ՛ նոր եւ թէ հին. Քեզի՛ վերապահած եմ զանոնք, ո՛վ իմ սիրականս։