Loading...

Song of Solomon 8

Ecclesiastes  «  Song of Solomon 7  ‹  Song of Solomon 8  ›  Isaiah 1  »  Isaiah


1

Երանի՜ թէ մօրս 1ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր. Երբ քեզ դուրսը գտնէի՝ պիտի համբուրէի, Ու զիս պիտի չարհամարհէին։

2

Քեզ առաջնորդելով մօրս տունը պիտի տանէի, Որպէսզի ինծի 2սորվեցնես. Քեզի պիտի խմցնէի 3հոտաւէտ գինիէն, նուռերուս օշարակէն։

3

Ձախ ձեռքը գլուխիս տակ պիտի ըլլար, Եւ աջ ձեռքը զիս պիտի գրկէր։


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

4

Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնեցնեմ, Որ 4սիրուհիս չսթափեցնէք եւ չարթնցնէք, Մինչեւ որ ինք փափաքի։


ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԳ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

5

Ո՞վ է ասիկա՝ որ անապատէն կը բարձրանայ, Իր սիրականին կռթնած։ Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի. Հո՛ն քու մայրդ երկունքի ցաւ քաշեց քեզի համար, Հո՛ն քեզ ծնանողը երկունքի ցաւ քաշեց քեզի համար։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

6

Դի՛ր զիս քու սիրտիդ վրայ կնիքի պէս, Քու բազուկիդ վրայ՝ կնիքի պէս. Արդարեւ սէրը մահուան պէս զօրեղ է, Ու նախանձախնդրութիւնը՝ 5դժոխքին պէս անգութ. Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։

7

Յորդառատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել, Ու գետերը զայն չեն ընկղմեր. Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն տայ իր տան ամբողջ ստացուածքը, Զինք բոլորովին կ’արհամարհեն։


ՍԻՐՈՒՀԻԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

8

Պզտիկ քոյր մը ունինք՝ Որ 6ստինք չունի. Մեր քրոջ ի՞նչ ընենք Իր մասին խօսուած օրը։

9

Եթէ ան պարիսպ է, Վրան արծաթէ 7աշտարակ մը կառուցանենք. Իսկ եթէ դուռ է, Զայն մայրիի փայտի տախտակներով 8փակենք։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

10

Ես պարիսպ եմ, Եւ 9ստինքներս աշտարակներ են. Ուստի անոր 10առջեւ Խաղաղութիւն 11գտնողի պէս եղայ։


ՍԻՐԱԿԱՆԸ

11

Սողոմոն Բահաղ-Ամոնի մէջ այգի ունէր. Այգին պահապաններու յանձնեց, Իւրաքանչիւրը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ 12վճարելու էր։

12

Իմ այգիս՝ որ իմս է՝ 13ե՛ս կը պահպանեմ՝՝. Հազարը քուկդ ըլլայ, ո՛վ Սողոմոն, Ու երկու հարիւրը՝ անոր պտուղը պահպանողներուն։

13

Ո՛վ պարտէզներու մէջ նստող, Ընկերակիցները քու ձայնիդ ուշադիր են. Ինծի՛ ալ զայն լսել տուր։


ՍԻՐՈՒՀԻՆ

14

Փախի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս. Նմանէ՛ այծեամին կամ եղնիկներու ձագին՝ Բուրաւէտ համեմներու լեռներուն վրայ։



1 Եբր.՝ ծիծը
2 Կամ՝ սորվեցնէր
3 Եբր.՝ բաղադրեալ
4 Եբր.՝ սէրը
5 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
6 Եբր.՝ ծիծ
7 Կամ՝ որմնածակ
8 Եբր.՝ փաթթենք
9 Եբր.՝ ծիծերս
10 Եբր.՝ աչքերուն
11 Կամ՝ բերողի
12 Եբր.՝ բերելու, կամ՝ մտցնելու
13 Եբր.՝ իմ առջեւս է