Loading...

Zechariah 1

Haggai  «  Haggai 2  ‹  Zechariah 1  ›  Zechariah 2  »  Malachi


ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԻՐԵՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ

1

Դարեհի երկրորդ տարին, ութերորդ ամիսը, 1Տէրոջ խօսքը 2ուղղուեցաւ Ադդովի որդիին՝ Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիա մարգարէին, ըսելով.

2

«Տէրը ձեր հայրերուն դէմ շատ զայրացաւ։

3

Ըսէ՛ անոնց. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Վերադարձէ՛ք ինծի,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Ես ալ ձեզի պիտի վերադառնամ,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—

4

Մի՛ ըլլաք ձեր հայրերուն պէս, Որոնց նախկին մարգարէները կը գոչէին. «Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այժմ հեռացէ՛ք ձեր վատ 3ընթացքէն եւ չար արարքներէն”», Բայց անոնք մտիկ չըրին, Ո՛չ ալ ուշադիր եղան ինծի,— կը պատգամէ Տէրը։—

5

Ձեր հայրերը ո՞ւր են. Իսկ մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։

6

Միթէ իմ խօսքերս ու կանոններս, Որոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն հրամայեր էի, Ձեր հայրերուն չհասա՞ն"”։ Իսկ անոնք դարձան եւ ըսին. “Զօրքերու Տէրը ինչ որ որոշեր էր մեզի ընել՝ Մեր ընթացքին եւ արարքներուն համեմատ, Զա՛յն մեր վրայ իրագործեց”»։


ՁԻԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

7

Դարեհի երկրորդ տարին, տասնմէկերորդ ամսուան — այսինքն՝ Սեբաթ ամսուան — քսանչորրորդ օրը, Տէրոջ խօսքը 4ուղղուեցաւ Ադդովի որդիին՝ Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիա մարգարէին, ըսելով.

8

«Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ ահա՛ շէկ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը՝ 5ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կեցած էր. անոր ետեւը շէկ, աշխէտ ու ճերմակ ձիեր կային»։

9

Ուստի ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ իմ տէրս»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի պատասխանեց. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի ցոյց պիտի տամ»։

10

Իսկ մրտենիներուն մէջտեղը կայնող մարդը պատասխանեց. «Ասոնք անոնք են՝ որ Տէրը ղրկեց երկիրը շրջելու համար»։

11

Անոնք ալ մրտենիներուն մէջտեղը կայնող Տէրոջ հրեշտակին պատասխանեցին. «Երկիրը շրջեցանք, եւ ահա՛ ամբողջ երկիրը հանդարտ կը մնայ»։

12

Տէրոջ հրեշտակը պատասխանեց. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չգթաս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց հանդէպ եօթանասուն տարիէ ի վեր սրտմտութեամբ լեցուած ես»։

13

Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարեպատշաճ խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխանեց։

14

Ինծի հետ խօսող հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Գոչէ՛. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը պատգամէ. "Երուսաղէմի համար ու Սիոնի համար 6Չափազանց նախանձախնդիր եմ՝՝։

15

Անխռով ապրող հեթանոսներուն դէմ յոյժ շատ զայրացած եմ, Քանի որ մինչ ես քիչ զայրացած էի, Անոնք անոր չարիքը 7աւելցուցին"։

16

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Գթութեամբ վերադարձայ Երուսաղէմի. Իմ տունս անոր մէջ պիտի կառուցանուի,— կը պատգամէ Տէրը,— Ու լար պիտի քաշուի Երուսաղէմի վրայ"”»։

17

«Դա՛րձեալ գոչէ. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Իմ քաղաքներս դարձեալ բարիքներով պիտի յորդին. Տէրը դարձեալ Սիոնը պիտի մխիթարէ, Դարձեալ Երուսաղէմը պիտի ընտրէ"”»։


ԵՂՋԻՒՐՆԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

18

Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, եւ ահա՛ չորս եղջիւր կար։

19

Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի պատասխանեց. «Ասոնք այն եղջիւրներն են՝ որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։

20

Յետոյ Տէրը ինծի չորս արհեստաւոր ցուցուց։

21

Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ ընելու կու գան»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Ասոնք այն եղջիւրներն են՝ որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ո՛չ մէկը կրցաւ իր գլուխը բարձրացնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէսզի զանոնք 8վախցնեն, ու հեռու նետեն այն ազգերուն եղջիւրները՝ որոնք եղջիւր բարձրացուցին Յուդայի երկրին դէմ՝ զայն ցրուելու համար»։



1 Եբր.՝ Եհովայի
2 Եբր.՝ եղաւ
3 Եբր.՝ ճամբաներէն
4 Եբր.՝ եղաւ
5 Եբր.՝ խորունկին
6 Եբր.՝ Մեծ նախանձախնդրութեամբ կը նախանձիմ
7 Եբր.՝ օգնեցին
8 Եբր.՝ դողացնեն