Loading...

Zechariah 2

Haggai  «  Zechariah 1  ‹  Zechariah 2  ›  Zechariah 3  »  Malachi


ՉԱՓԵԼՈՒ ԼԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

1

Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, եւ ահա՛ մարդ մը կար, ու ձեռքին մէջ՝ չափելու լար մը։

2

Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ինծի պատասխանեց. «Երուսաղէմը չափելու, որպէսզի տեսնեմ թէ ո՛րչափ է անոր լայնքը, ու ո՛րչափ՝ անոր երկայնքը»։

3

Եւ ահա՛ ինծի հետ խօսող հրեշտակը 1գնաց, ու զայն դիմաւորելու համար ուրիշ հրեշտակ մը դուրս ելաւ

4

եւ անոր ըսաւ. «Վազէ՛, խօսէ՛ այս երիտասարդին՝ ըսելով. “Երուսաղէմ անպարիսպ քաղաքներու պէս պիտի բնակուի՝ Մարդու եւ անասունի շատութեան պատճառով, որոնք անոր մէջ պիտի ըլլան։

5

Ես կրակէ պարիսպ պիտի ըլլամ անոր շուրջը,— կը պատգամէ Տէրը,— Եւ իր փառքը պիտի ըլլամ անոր մէջ”»։


ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻՆ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

6

«Օ՜ն, օ՜ն, փախէ՛ք հիւսիսի երկրէն,— կը պատգամէ Տէրը,— Քանի որ ձեզ երկինքի չորս հովերուն 2ցրուեցի»,— կը պատգամէ Տէրը։

7

«Ազատէ՛ քեզ, ո՛վ Սիոն, Որ Բաբելոնի աղջիկին քով կը բնակիս»։

8

Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. ( 3Իր փառքով՝՝ զիս ղրկեց ձեզ թալլող ազգերուն, Քանի որ ձեզի դպչողը՝ իր աչքի բիբին կը դպչի։

9

Արդարեւ ահա՛ իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի 4շարժեմ, Եւ անոնք իրենց ստրուկներուն աւար պիտի ըլլան, Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկած է։ )

10

«Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, Որովհետեւ ահա՛ ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

11

Այդ օրը շատ ազգեր Տէրոջ պիտի յարին, Եւ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ, Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է։

12

Տէրը սուրբ 5երկրին մէջ Յուդան պիտի ժառանգէ որպէս իր բաժինը, Եւ դարձեալ Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։

13

Թող ամէն 6արարած լուռ կենայ Տէրոջ առջեւ, Քանի որ ան իր սուրբ բնակավայրէն արթնցաւ։



1 Եբր.՝ դուրս ելաւ
2 Եբր.՝ տարածեցի
3 Եբր.՝ Փառքէն ետք
4 Եբր.՝ երերցնեմ
5 Եբր.՝ հողին
6 Եբր.՝ մարմին