Zechariah 3
Haggai « Zechariah 2 ‹ Zechariah 3 › Zechariah 4 » Malachi
ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Տէրը ինծի ցուցուց քահանայապետը՝ Յեսուն, որ Տէրոջ հրեշտակին առջեւ կայնած էր. 1Սատանան ալ անոր աջ կողմը կայնած էր՝ անոր ընդդիմանալու համար։
22Տէրոջ հրեշտակը՝՝ Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող սաստէ քեզ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող սաստէ քեզ. միթէ ասիկա կրակէն ազատուած 3խանձող չէ՞»։
3Յեսու աղտոտ հագուստներ հագած էր, եւ հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։
44Ան ալ իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Հանեցէ՛ք աղտոտ հագուստները ատոր վրայէն»։ Յետոյ անոր ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ 5հանեցի, ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։
5Ես ալ ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Ուստի անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին, եւ անոր հագուստներ հագցուցին. Տէրոջ հրեշտակը հոն կայնած էր։
6Տէրոջ հրեշտակը Յեսուն ազդարարեց՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.
7“Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու պաշտօնս կատարես, իմ տունս ալ պիտի դատես եւ գաւիթներուս վրայ ալ պիտի հսկես. ես ալ քեզ պիտի կարգեմ այս կայնողներուն մէջ՝ որ ընթանաս անոնց հետ”։
8Ուրեմն մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Յեսու քահանայապետ, դուն եւ առջեւդ նստող ընկերներդ, քանի որ անոնք 6նշան ըլլալիք մարդիկ են. որովհետեւ ահա՛ ես իմ ծառաս՝ Շառաւիղը պիտի բերեմ։
9Արդարեւ ահա՛ Յեսուի առջեւ դրած 7քարիս վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ. ահա՛ ե՛ս պիտի փորագրեմ անոր 8արձանագրութիւնը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— եւ այդ երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի 9դադրեցնեմ։
10Այդ օրը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընկերը պիտի հրաւիրէ իր որթատունկին ու թզենիին տակ”»։