Zechariah 4
Haggai « Zechariah 3 ‹ Zechariah 4 › Zechariah 5 » Malachi
ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Ինծի հետ խօսող հրեշտակը վերադարձաւ ու զիս արթնցուց՝ ինչպէս մէկը իր քունէն կ’արթնցնեն,
2եւ ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Պատասխանեցի. «Ահա՛ կը տեսնեմ բոլորովին ոսկիէ աշտանակ մը, ու անոր գագաթը՝ բաժակ մը, որուն վրայ են իր եօթը ճրագները։ Անոր գագաթի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։
3Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը, ու միւսը անոր ձախ կողմը»։
4Պատասխանելով ինծի հետ խօսող հրեշտակին՝ 1հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, իմ տէ՛րս»։
5Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխանելով ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ալ ըսի. «Ո՛չ, իմ տէ՛րս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻ
6Ուստի պատասխանելով ինծի ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ Տէրոջ խօսքը՝ որ Զօրաբաբէլի կ’ըսուի. “Ո՛չ կարողութեամբ է, ո՛չ ալ ոյժով, Հապա՝ իմ Հոգիովս,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։—
7Դուն ո՞վ ես, ո՛վ մեծ լեռ, Զօրաբաբէլի առջեւ. լեռնադաշտ պիտի ըլլաս։ Երբ 2գլխաւոր քարը դուրս հանէ, Պիտի 3աղաղակեն. "Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր"”»։
8Դարձեալ 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
9«Զօրաբաբէլի ձեռքերը հիմնադրեցին այս տունը, Եւ անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զայն, Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկած է։
10Արդարեւ պզտիկ սկզբնաւորութիւններուն օրը արհամարհողները Պիտի ուրախանան՝ երբ տեսնեն անագաքարը Զօրաբաբէլի ձեռքին մէջ։ Այդ եօթը Տէրոջ աչքերն են, որ ամբողջ 5երկրագունդին մէջ կը շրջագային»։
11Յետոյ անոր 6հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը եւ անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։
12Երկրորդ անգամ ալ հարցուցի. «Ի՞նչ են երկու ձիթենիի ոստերը՝ 7երկու ոսկիէ խողովակներուն քով, որոնք՝՝ 8ոսկեգոյն իւղը իրենց մէջէն կը 9հոսեցնեն»։
13Ինծի պատասխանեց. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ալ ըսի. «Ո՛չ, իմ տէ՛րս»։
14Ուստի պատասխանեց. «Ասոնք երկու 10օծեալներն են, որ ամբողջ երկրագունդին Տէրոջ առջեւ կը կայնին»։