Zechariah 5
Haggai « Zechariah 4 ‹ Zechariah 5 › Zechariah 6 » Malachi
ԹՌՉՈՂ ՊԱՏԱՏԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Դարձեալ աչքերս վերցուցի, եւ ահա՛ թռչող պատատ մը տեսայ։
2Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Պատասխանեցի. «Թռչող պատատ մը կը տեսնեմ. երկայնքը քսան կանգուն է, ու լայնքը՝ տասը կանգուն»։
3Ինծի ըսաւ։ «Ահա՛ւասիկ անէծքը՝ որ 1կը տարածուի՝՝ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ. արդարեւ ո՛վ որ գողնայ՝ պիտի 2բնաջնջուի այս կողմը գրուածին համեմատ, եւ ո՛վ որ երդում ընէ՝ պիտի բնաջնջուի միւս կողմը գրուածին համեմատ»։
4«Զայն ե՛ս կը տարածեմ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը.— ան պիտի մտնէ գողին տունը եւ իմ անունովս 3սուտ երդում ընողին տունը, իր տան մէջ պիտի 4մնայ, եւ զինք իր փայտերով ու քարերով պիտի սպառէ»։
ԿՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋԻ ԿՆՈՋ ՏԵՍԻԼՔԸ
5Յետոյ ինծի հետ խօսող հրեշտակը 5եկաւ եւ ինծի ըսաւ. «Այժմ վերցո՛ւր աչքերդ ու տե՛ս թէ ի՞նչ է ասիկա՝ որ դուրս կ’ելլէ»։
6Պատասխանեցի. «Ի՞նչ է»։ Ըսաւ. «Ասիկա արդու մըն է՝ որ դուրս կ’ելլէ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ անոնց ամբարշտութեան դրսերեւոյթը՝ ամբողջ երկրին մէջ»։
7Եւ ահա՛ կապարէ 6զանգուած մը վերցուեցաւ, ու կին մը նստած էր արդուին մէջտեղը։
87Հրեշտակը ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ ամբարշտութիւնը», եւ զայն արդուին մէջ նետեց. այդ կապարէ կշռաքարն ալ արդուին բերանը նետեց։
9Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ ահա՛ երկու կին դուրս ելաւ. հովը անոնց թեւերուն մէջ էր՝ քանի արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին, եւ արդուն երկրի ու երկինքի մէջտեղը վերցուցին։
10Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։
11Ան ալ ինծի ըսաւ. «Կը տանին՝ որ անոր տուն կառուցանեն Սենաարի երկրին մէջ. պիտի հաստատուի, եւ հոն իր խարիսխին վրայ պիտի դրուի»։